ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Յունիս 22-ին աշխատանքային այցով եղած է ՀՀ Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Պաշտպանութեան նախարարի այցը մեկնարկած է Վարդենիս քաղաքէն: Դաւիթ Տօնոյեանը այդտեղ ծանօթացած է կայազօրային հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն, մատուցուող բժշկական ծառայութիւններուն ու բժշկական հաստատութիւններու կարիքներուն: Կայազօրային հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմի հետ քննարկուած են երկու հաստատութիւններու համատեղ ու ներդաշնակ աշխատանքը համակարգելու եւ բժշկական սպասարկման որակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ քայլերը:
Տաւուշի մարզին մէջ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ծանօթացած է Բերդ քաղաքի զինուորական հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն եւ մատուցուող ծառայութիւններուն, քննարկած գործառոյթներու համադրման համակարգերը եւ բժշկական սպասարկման արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ կապուած խնդիրներ:
Շրջայցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը զօրամիաւորման հրամանատարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, այդտեղ ծանօթացած ռազմական իրավիճակին, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններուն, անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակին, ճարտարապետական կառոյցներու յուսալիութեան, սնունդի ապահովման խնդիրներուն եւ տուած համապատասխան յանձնարարականներ: Դաւիթ Տօնոյեանը խրախուսած է դիրքապահ զինծառայողները եւ մաղթած խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն: