Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելած Է Հիւսիս-Արեւելեան Սահմանագօտի

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Յունիս 22-ին աշխատանքային այցով եղած է ՀՀ Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մարզերուն մէջ։ Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Պաշտպանութեան նախարարի այցը մեկնարկած է Վարդենիս քաղաքէն: Դաւիթ Տօնոյեանը այդտեղ ծանօթացած է կայազօրային հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն, մատուցուող բժշկական ծառայութիւններուն ու բժշկական հաստատութիւններու կարիքներուն: Կայազօրային հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի բժշկական անձնակազմի հետ քննարկուած են երկու հաստատութիւններու համատեղ ու ներդաշնակ աշխատանքը համակարգելու եւ բժշկական սպասարկման որակը բարձրացնելու համար անհրաժեշտ քայլերը:

Տաւուշի մարզին մէջ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ծանօթացած է Բերդ քաղաքի զինուորական հիւանդանոցի եւ քաղաքային հիւանդանոցի շէնքային պայմաններուն եւ մատուցուող ծառայութիւններուն, քննարկած գործառոյթներու համադրման համակարգերը եւ բժշկական սպասարկման արդիւնաւէտութեան բարձրացման հետ կապուած խնդիրներ:

Շրջայցի ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը զօրամիաւորման հրամանատարութեան ուղեկցութեամբ այցելած է հիւսիս-արեւելեան սահմանագօտիին մէջ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, այդտեղ ծանօթացած ռազմական իրավիճակին, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններուն, անձնակազմի բարոյահոգեբանական վիճակին, ճարտարապետական կառոյցներու յուսալիութեան, սնունդի ապահովման խնդիրներուն եւ տուած համապատասխան յանձնարարականներ: Դաւիթ Տօնոյեանը խրախուսած է դիրքապահ զինծառայողները եւ մաղթած խաղաղ ու անվտանգ ծառայութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին