Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Գերպծ. Հ. Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան Նորընտիր Առաջնորդ Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

Հայ կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը իր տարեկան ժողովին ընթացքին կատարած         կանոնական ընտրութիւնը գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեանի՝ իբրեւ առաջնորդի Ֆրանսայի Հայ կաթողիկէ թեմին։

Ն. Ս. Ֆրանչիսկոս քահանայապետը 23 Յունիս 2018 թուակիր կոնդակով իր հաճութիւնը յայտնած է Սիւնհոդոսական հայրերուն կատարած ընտրութեան։

Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան ծնած է Հալէպ 29 Մայիս 1950-ին։ Զմմառեան Միաբանութեան Ընծայարանը եւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանը յաճախելէ ետք քահանայ ձեռնադրուած է իբր Զմմառու                միաբան 24 Մարտ 1974-ին Հալէպ։

Ան պաշտօնավարած է Զմմառ, Պուրճ Համուտ, Զալքա, Հռոմ, Պէյրութ՝ զանազան         առաքելութիւններով, իբր ժողովրդապետ, տնօրէն, ուսուցիչ, քարոզիչ։ Վերջին տարիներուն Հայր Եղիա  կը վարէր Զալքայի Ս. Խաչ Ժողովրդապետութեան  ժողովրդապետի պաշտօնը: Ան տնօրէնն է  Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի։

Նորընտիր եպիսկոպոսին ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12 Օգոստոս 2018-ին Զմմառու մայրավանքին մէջ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին