ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Արփինէ Յովհաննիսեանը նամակով իր մտահոգութիւնը յայտնած է ԱՄՆ խորհրդարանական Ճեքի Սփիրին եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Թուլսի Կապարտին ամերիկեան արտադրութեան «Bell 412» տեսակի ուղղաթիռներու՝ Ազրպէյճանի ռազմական շքերթին յայտնուելու վերաբերեալ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»–ը, Արփինէ Յովհաննիսեանը իր նամակին մէջ գործընկերներուն գրած է, որ Ազրպէյճան այդ ուղղաթիռներու յայտնուիլը բազմաթիւ հարցերու եւ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ:
«Օգտակար կ’ըլլայ գիտնալ բոլոր կանոնադրական սահմանափակումները: Գործադիր իշխանութեան կամ այլ քաղաքական կառոյցներուն եւ երրորդ կողմին կ’արգիլուի Ազրպէյճանին ԱՄՆ արտադրութեան ռազմական սարքաւորումներու եւ արհեստագիտութիւններու վաճառքը, փոխանցումը:
Ես շատ ուրախ կ’ըլլամ, եթէ դուք կիսէք իմ մտահոգութիւններս եւ հետեւիք այս խնդիրին, ինչպէս նաեւ, եթէ կարելի է, ինծի տեղեկութիւն փոխանցէք վերը նշուած հարցին վերաբերեալ»,- գրած է Արփինէ Յովհաննիսեանը իր նամակին մէջ:
Քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանը թուիթըրի իր էջին վրայ առաջին ահազանգողն էր՝ անհասկնալի համարելով, թէ ի՛նչպէս ամերիկեան արտադրութեան «Bell 412» տեսակի ուղղաթիռները յայտնուած են Պաքու՝ մասնակցելու ռազմական շքերթին:






