*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Աշխատանքային Այցով Արցախ Այցելած Է ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան
Մէկ Տաճար Եւս Արցախի Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ Յուիս 16-ին այցելած են Մարտունի շրջանի Ճարտար քաղաքը, ուր տեղի ունեցած է նորակառոյց Սուրբ Վարդանանք եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ մատուցուած է Սուրբ պատարագ: Եկեղեցին կառուցուած է արմատներով ճարտարցի, ռուսաստանաբնակ Վլատիմիր Աւագեանի բարերարութեամբ:
Յունիս 16-ի առաւօտեան ղօղանջեցին Ճարտար քաղաքի Սուրբ Վարդանանք նորակառոյց եկեղեցւոյ զանգերը՝ յայտարարելով երկար սպասուած իրադարձութեան մասին: Աւարտած է տարիներ առաջ մեկնարկած շինարարութիւնը. Աստուծոյ տունը արդէն պատրաստ է իր յարկին տակ ընդունելու հաւատացեալները: Ճարտարցիներու ուրախութեան միանալու եկած են նաեւ շրջական համայնքներու բնակիչներէն շատերը: Այնպէս որ, եկեղեցւոյ հրապարակը լեփ-լեցուն էր: Ժամանեցին նաեւ բարձրաստիճան հիւրերը՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Նորակառոյց եկեղեցին օծուած է ՀԱԵ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ: Նորաբաց եկեղեցւոյ մէջ առաջին պատարագը մատուցած է թեմակալ առաջնորդը: Եկեղեցին կառուցուած է արմատներով ճարտարցի, ռուսաստանաբնակ Վլատիմիր Աւագեանի բարերարութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնը Վլատիմիր Աւագեանի բարեգործական շղթայի մէկ օղակն է: Արդէն 5 տարի իր ստեղծած «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամը» լայնածաւալ շինարարութիւն կ’իրականացնէ ոչ միայն Ճարտարի, այլեւ հարեւան Գիշի գիւղի եւ Մարտունի քաղաքին մէջ: ««Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամը» կը գործէ 2013 թուականէն: Այս տարիներուն ընթացքին հիմնադրամի ֆինանսաւորումով կառուցուած է մանկապարտէզ, բազմաբնակարան շէնք, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի շէնք եւ ճամբաներ վերանորոգած ենք,- կը թուարկէ «Հայկական գիւղերու զարգացման հիմնադրամ»-ի գործադիր տնօրէն Էտկար Վարդապետեանը:- Ամենաթարմ օրինակը եկեղեցւոյ շինարարութիւնն է Ճարտարի մէջ»: Վլատիմիր Աւագեանի արմատները Ճարտարէն են: Ան Ճարտար չէ ծնած, բայց հոգիի թելերով կապուած է իր արմատներուն ու ամէն ինչ կ’ընէ պապենական օրրանը շէնցնելու համար: «Ես շատ ուրախ եմ, որ ամէն ինչ լաւ ընթացաւ, այս 5 տաիները շատ արդիււնաւէտ եղած են, լարուած աշխատանք կատարած ենք: Արդիւնքը տեսանելի է: Մեր հիմնադրամի յոբելեանին կառուցուեցաւ այս եկեղեցին, որ կ’ամփոփէ մեր 5 տարուան աշխատանքը: Կը կարծեմ, որ ամէն ինչ հիանալի դուրս եկաւ: Գոհ եմ, որ կրցայ ուրախութիւն պարգեւել Ղարաբաղին»,- ուրախութիւնը կ’արտայայտէ բարերարը:

Ուրախ են նաեւ ճարտարցիները: Եկեղեցւոյ կառուցումը կը գնահատեն որպէս իրենց քաղաքի բարգաւաճման ուղղուած մէկ այլ քայլ:
Հանդիպումը առանց նուէրներու չանցաւ: Բարերար Վլատիմիր Աւագեանը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց շինարարական գործիք՝ ծեփիչ՝ մաղթելով, որ անիկա օրուան մէջ 24 ժամ աշխատի, իսկ Նիքոլայ հրաշագործի սրբապատկերը օգնէ իրեն հրաշքներ գործելու նոր պաշտօնին վրայ:
Անվտանգութիւնը՝ Առաջին Հորիզոնականին Վրայ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է Արցախի արեւելեան հատուածի պաշտպանական դիրքեր: Վարչապետին եւ Արցախի նախագահին ուղեկցած են Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ Դաւիթ Տօնոյեանն ու Լեւոն Մնացականեանը, ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարակազմի պետ Արտակ Դաւթեանը, գլխաւոր ռազմական տեսուչ Մովսէս Յակոբեանը: Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն ներկայացուած են ճարտարապետական եւ ամրաշինական ենթակառուցուածքներն ու յուսալի պաշտպանութիւն իրականացնելու նոր արհեստագիտութիւնները: Աւելի ուշ, աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Բակօ Սահակեանի հետ այցելած է Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարակազմի կայան, ուր տեղի ունեցած է ծառայողական խորհրդակցութիւն: Արցախի պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն զեկուցած է բանակաշինութեան ընթացիկ խնդիրներուն մասին: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական համագործակցութեան հետագայ խորացման եւ հակառակորդը զսպելու անհրաժեշտ համակարգերու կատարելագործման վերաբերող շարք մը հարցեր:

Արցախի Մէջ Բարեփոխութիւնները Պէտք Է Ըլլան Առանց Կայունութեան Խախտումի

Աշխատանքային այցի ընթացքին Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումը, որուն ներկայ եղած են նաեւ հայկական երկու պետութիւններու տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներ: Ներարցախեան զարգացումներուն առթիւ պաշտօնական Երեւանի մօտեցումները այստեղ ներկայացուած են: Վարչապետ Փաշինեան նախ շնորհաւորած է Արցախի կառավարութեան նորանշանակ անդամներուն նոր պաշտօններու նշանակուելու կապակցութեամբ եւ ընդգծած, որ կ’ողջունէ ու կը կարեւորէ իրական եւ բովանդակային փոփոխութիւններ իրականացնելու Բակօ Սահակեանի պատրաստակամութիւնը: «Կը ցանկամ այդ հարցին մէջ յայտնել մեր անվերապահ աջակցութիւնը Արցախի գործընկերներուն եւ անձամբ նախագահ Բակօ Սահակեանին: Հայաստանի կառավարութիւնը անվերապահօրէն կ’աջակցի Ձեր բռնած քաղաքականութեան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:
Ստեփանակերտ






