Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Առասպելը Կ’ապրի. «Մայր Հայաստանի» Բնորդուհին Կը Պատմէ, Թէ Ի՛նչպէս «Կանգնեցաւ Բարձունքին Ու Նայեցաւ Բոլորին»

*ԼՈՒՍԻՆԷ ՆԱԶԱՐԵԱՆ*

«Մայր Հայաստան» յուշարձանի՝ սեւ տուֆի տարբեր երանգներով կառուցուած պատուանդանը հայկական ճարտարապետութեան մէջ եզակի է իր տեսակով։ Ուշագրաւ են զուսպ մշակուած պատերը, շքամուտքի քանդակազարդ խոյակներով կամարները եւ կոփածոյ պղնձակերտ բարձրարուեստ դուռը։ Ներսէն պատուանդանը եռայարկ է։ Այստեղ 1970-ին բացուած է «Խորհրդային Հայաստանը Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ (1941-1945)» թանգարանը, իսկ 1995-ին՝ ՀՀ ՊՆ «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանը։
Բոլորին յայտնի «Մայր Հայաստան» յուշարձանը, որ կառուցուած է որպէս Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ տարուած յաղթանակի խորհրդանիշ, տեղադրուած է 1950-ին:

Արձանը կը խորհրդանշէ արդէն ընդհանուր հաւաքական կերպար՝ հայ ռազմական ոգիի, զինուորին մարտի դաշտ ուղարկող, ոգեւորող հայ մօր, կնոջ, քրոջ կերպար։ Բոլորիս յայտնի այս արձանը «Յաղթանակ» զբօսայգիին մէջ Քանաքեռի սարալանջին է։ Անիկա ի սկզբանէ Սթալինի պատկերով կանգնեցուած է 1950-ին՝ քանդակագործ Սերկէյ Մերքուրովի եւ ճարտարապետ Ռաֆայել Իսրայէլեանի հեղինակութեամբ։ Հետագային՝ 1962-ին, Սթալինի արձանը քանդելէ ետք, նոյն պատուանդանի վրայ 1967-ին կանգնեցուած է քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի «Մայր Հայաստանը» խորհրդանշող յուշարձանը, որ կը մարմնաւորէ ռազմական անկոտրում ոգիի, հայրենիքի պահապան հրեշտակ հայ մօր հաւաքական կերպարը։
17 մ բարձրութեամբ (պատուանդանով՝ 51 մ) պղնձաձոյլ արձանը տեսանելի է քաղաքի տարբեր մասերէն։ Իր բարձրութեամբ եւ յօրինուածքով ներդաշնակ է ամբողջ յուշակոթողին եւ կոթողային է իր գաղափարական բովանդակութեամբ։ «Մայր Հայաստան» յուշարձանը քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան համարժէք եւ միասնական ստեղծագործութեան արդիւնք է։ Իրաւամբ կը համարուի Երեւանի խորհրդանիշներէն։

Թերեւս քիչերուն յայտնի է, որ հերոսութեան խորհրդանիշ «Մայր Հայաստան» արձանի հերոսուհին տիկին Գենիան է, որ կ’ապրի մեր կողքին՝ բոլորելով արդէն եօթուկէս տասնամեակը։

«ՀՀ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ան պատմած է, որ լաւ կը յիշէ, թէ ի՛նչպէս քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը առաջարկեց իրեն բնորդուհի դառնալ արձանի համար. «Ես 17-18 տարեկան էի՝ լոլիկի հերթին կանգնած, իսկ ինք դիմացս լուռ կ’ուսումնասիրէր, կը նայէր։ Մայրս նկատեց եւ իսկոյն վերադարձնելով լոլիկները՝ ձեռքս բռնած խանութէն դուրս տարաւ։ Ինքը նկատեց եւ եկաւ մայրիկիս ըսաւ, թէ պետական պատուէր ունի «Մայր Հայաստան» արձան քանդակելու։ Խնդրեց մայրիկիս, որ երթամ արուեստանոց, մայրիկս մերժեց, բայց ինքը իր հեռախօսահամարը ձգեց: Իր արուեստանոցը կը գտնուէր մեր տան մօտ՝ Կիեւեան փողոցի վրայ։ Յետոյ իմացայ, որ եղբօրս դասախօսն է, կը դասաւանդէ Թերլեմէզեան ուսումնարանը:

Տիկին Գենիան կը պատմէ ու կը յիշէ՝ դեռ մանկուց տպաւորուած էր գնչու կնոջ մը՝ իր մօրը ուղղած խօսքերը, որ մանկահասակ երեխային ձեռքի ափով գուշակած էր ու ըսած, թէ օր մը ան պիտի կանգնի ու բարձունքէն պիտի նայի բոլորին։ Ժպիտով կը յիշէ, թէ ի՛նչպէս առաջարկը ընդունեց՝ մեկնելով անձնական ապրումներէ: Օրիորդ էր ան լի երազներով եւ դեռ շատ հեռու իր կերպարի իրական նշանակութիւնը ամբողջ էութեամբ ընկալելէ։ Կը յիշէ, որ քանդակագործ Արա Յարութիւնեանը վեր կը հանէր կերպարի իմաստութիւնն ու խորութիւնը, կ’ընդգծէ կնոջ վեհութիւնն ու ընտանիքին նուիրուածութիւնը՝ որպէս քաջարի կնոջ օրինակ մատնանշելով Վարդան Մամիկոնեանի մօրը։ Ինչպէս արձանի բնորդուհին կը նկարագրէ, ձեռքի թուրը պէտք է դէպի վեր խոյանար, սակայն անոր իմաստը ուրիշ էր. անիկա պիտի ուղղուէր դէպի հակառակորդը՝ ի նշան պաշտպանութեան, իսկ ոտքերուն տակ դրուած վահանը՝ ի նշան խաղաղութեան ու համերաշխութեան։
«Մայր Հայաստան» յուշարձանին հետ կապուած առասպելներէն մէկուն համաձայն՝ յուշարձանի ոտքերուն տակ գտնուող վահանին ներքեւ Սթալինի ոտքերն են։ Կ’ըսեն, որ անոր պրոնզէ ոտքերուն վրայ կառուցած են նոր յուշարձանը։ Թանգարանի աշխատակիցները կը հերքեն։
Արձանը քանդակելը սկսած է 1961-ին, եւ 1967-ին արդէն պատրաստի կիսանդրին մաս-մաս տեղափոխած են։ «Մայր Հայաստան» յուշարձանի նախատիպը դարձաւ սովորական աղջիկ մը՝ Եւգենիա Մուրադեանը։
Ընդհանուր առմամբ, մի քանի անգամ եղած է քանդակագործի արուեստանոցը ու ապշած է, երբ տեսած է գաճէ ծեփապատճէնի աւարտուն տեսքը։ Զարմացած է, թէ ի՛նչպէս քանդակագործը խորաթափանցօրէն տեսած ու արտայայտած է այն ինչ որ իր մէջ թաքնուած եղած է ու նոյնիսկ ինք չէ նկատած:
«Ինքը քանդակեց իմ դէմքս, շատ հետաքրքրական էր, նման էր ինծի, սակայն յօնքերը միացուցած էին իրար: Ինք ըսաւ, որ ատիկա վեհ կնոջ, ուժեղ կնոջ իմաստը ունի, քանի որ հայ կինը եղած է ուժեղ, յաղթանակող, կռուող, ազգը, հայրենիքը պաշտպանող: Անոր համար յօնքերը միացուած են»,- հպարտութեամբ կ’ըսէ Գենիա Մուրադեանը։
Այժմ արձանի բնորդուհին կը նեղսրտի, որովհետեւ յուշարձանը պէտք է լուալ: Հակառակ անոր որ վերջերս փորձած են լուալ յուշարձանը, բայց նոյնիսկ ժամանակակից սարքաւորումներով չեն յաջողած լիովին մաքրել մի քանի տասնեակ մեթրեր ձգուող քանդակը։
Ըստ պատմաբաններու՝ «Մայր Հայաստանը» կանգնեցուած է զբօսայգիի մէջ, որ ծայրէ-ծայր մտածուած եղած է որպէս Հայրենական մեծ պատերազմի յուշը մարմնաւորող, տարածականացնող միջավայր, եւ կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յաղթական մասնակցութիւնը այդ պատերազմին։ Իսկ պատուանդանի ճարտարապետական մտայղացումը եւ զարդաքանդակները, արձանի եւ պատուանդանի մաշտաբները, սուրը բռնած ձեռքերու նախազգուշացնող-սպառնալի (կայսերական) շարժումը, արձանը շրջապատող մեծ Հայրենականի ժամանակի խորհրդային ռազմական համակարգը եւ արդէն յիշատակուած Անյայտ զինուորի յուշարձանը ազգային մեկնաբանութեան համար շատ քիչ տեղ կը ձգէ:
Արձանի բնորդուհին հեռու չէ իր մարմնաւորած կերպարէն։ Մասնագիտութեամբ մանկավարժ է, ռուսերէն լեզուի ուսուցչուհի, ծնած է պատերազմական ժամանակաշրջանին՝ 1942-ին, հայրենասիրական ոգիով դաստիարակած է մի քանի սերունդ: Ան կ’ուզէ, որ ապագայ սերունդը Հայաստանը լքելու նպատակ չհետապնդէ։ 
Թէպէտ կը գիտակցի, որ երիտասարդները ձգտում ունին բարեկեցիկ ապրելու, սակայն այդ բարեկեցութիւնը կը յորդորէ հայրենիքի մէջ ստեղծել, մտայղացումները ի շահ երկրի ապագայի կառուցել։ Երիտասարդ տարիներուն, հայկական արուեստանոցի որոշ ֆիլմերու մէջ մի քանի դրուագներ խաղացած է, յետոյ արդէն գլխաւոր դերակատարման հրաւէր ստացած ու մերժած է՝ ծնողքին եւ ամուսնոյն ընդդիմութեան պատճառով։ 
Իր ներաշխարհը սակայն կարողացաւ լիովին այս արձանը փոխել. «Կամովին աւելի զօրացայ, ես ինծի կը զգամ նոյնքան խրոխտ, որքան այնտեղ կանգնած կինը»:

«Հայաստանի Հանրապետութիւն»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին