Ամուսնական սովորոյթները 19-20-րդ դարուն
Հին ժամանակներուն հայերուս ամուսնական ընտրութեան կարգը ունեցած է նահապետական բնոյթ: Այսօր շատերուն զարմանալի կը թուի նոյնիսկ ա՛յն, որ կողմերու սեփական ընտրութիւնը եղած է խիստ սահմանափակ: Միչեւ անգամ գոյութիւն ունեցած է աղջիկը մանուկ հասակին նշանելու սովորութիւնը, որ միտուած եղած է աղջիկը տղու տան օրէնքներով եւ սովորութիւններով դաստիարակելուն: Ժողովուրդին մէջ անիկա աւելի յայտնի է օրօրոցախազ անուանումով:
Հին ժամանակներուն եղած է առաջարկի քանի մը ձեւ, օրինակ՝ սիրոյ խորհրդանիշ խնձորի յանձնումը. ընդունողը կամ վերցնողը կու տար իր համաձայնութիւնը:
Նշանադրութիւն
Անիկա տեղի ունեցած է պատգամախօսի միջոցով: Կին պատգամախօսը գաղտնի կերպով կը գիտնար աղջկան ծնողներուն մտադրութեան մասին, ապա կը յայտնէր տղու ծնողներուն: Պատգամախօսը կ’ուղարկէին քանի մը անգամ՝ մինչեւ կը տրուէր համաձայնութիւնը, որմէ ետք տեղի կ’ունենար նշանադրութեան արարողութիւնը: Աղջիկը տղու տան կիներէն՝ կեսուրէն, տալէն, կը ստանար արծաթէ կամ ոսկիէ զարդ, որով մէկընդմիշտ կը կապուէր ապագայ ամուսինին ընտանիքին: Այնուհետեւ հարսին հասարակութիւն հանելու իրաւունքը կը պատկանէր կեսուրին: Ներկայիս պահպանուած է առեւանգման ձեւը, որ տեղի կ’ունենայ երիտասարդի եւ իր ընկերներուն միջոցով: Եղած են առեւանգման քանի մը պատճառներ՝ միակողմանի սիրոյ պատճառով, աղջկան համաձայնութեամբ, ծնողներու համաձայնութեամբ՝ գումար չունենալու պատճառով:
Հարսանիք
Հարսանիքները սովորաբար տեղի ունեցած են աշնան եւ ձմրան ամիսներուն՝ կապուած դաշտային աշխատանքի հետ: Անիկա կը սկսէր Հինգշաբթի եւ կը տեւէր 3-7 օր: 7 թիւը կը խորհրդանշէր հեթանոս 7 աստուածները եւ իւրաքանչիւր օր ունեցած է իր խորհուրդը եւ յատուկ ծէսը:
Հարսանիքի կը հրաւիրէին զուռնանաղարայի ձայնով, իսկ հրաւիրատոմսերը յառաջացած են 20-րդ դարուն:
Փեսայի կողմէն ներկայացուած էին մակարը՝ քաւորը, մոնկտիք, թաքուորցիք, փեսայ մանուկը:
Հարսնցուի կողմէն՝ քուրիկները, ծաղկուորները;
***
Տաշտադրօնքի արարողութիւն
Կատարուած է տղու տունը Ուրբաթ օր։ Կիները կը մաղէին պտղաբերութեան խորհրդանիշ հանդիսացող ալիւրը: Տաշտի վրայ մոմ կը վառէի, որպէսզի հարսը լոյսի պէս պայծառ ըլլայ, երեսին կարմիր քօղ կը դնէին, որպէսզի հարսը համաւոր ըլլայ եւ կը մաղէին լուռ, որպէսզի հարսը չխօսող ըլլայ:
***
Հինադրէքի արարողութիւն
Այս ընթացքին աղջկան տուն հաւաքուածները հինայ կը դնէին իրենց ձեռքերուն: Աղջկան այցելողները իրենց հետ կը տանէին նուէրներ, որոնք կը գումարուէին օժիտին:
Հարսանիքի ժամանակ թաքուորցիք եւ քուրիկները ունէին իրենց պարտականութիւնները: Թաքուորցիք կը պարտաւորուէին հսկելու փեսայի գօտին, գլխարկը, հետեւելու սեղանի թարմութեան եւ մառանին: Եթէ փեսայի գլխարկը իյնար, կամ գօտին եւ թուրը աղջկան հարազատներէն մէկուն մօտ յայտնուէր, հայրը իրաւունք ունէր դադրեցնելու հարսանիքը եւ տուն տանելու աղջկան, քանի որ անոնք կը խորհրդանշէին տղու ուժն ու պատիւը:
Աղջկան կողմը ներկայացնող քուրիկները եւ ծաղկուորները կը պարտաւորուէին երգ ու պարով զբաղեցնել հարսը եւ թաքցնել հարսի զգեստը թաքուորցիքէն:
Աղջկան տան արարողութիւնը կը տեւէր 2-5 ժամ, որմէ ետք հարսնառը, այսինքն՝ հարսանիքի տէրը՝ խնամին, նուագով կու գար տղու տուն, ուր հարսանիքը կրնար տեւել 7 օր: Իւրաքանչիւր օր ունէր իր յատուկ ուտեստը, օրինակ՝ երկրորդ օրը անպայման կը մատուցուէր խաշ:
Նիւթը ԵՌԱԳՈՅՆ–ի համար պատրաստած է ՀԱՅԿՈՒՀԻ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ