Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

«Հայ Քաղաքական Գործիչը Զայրացուցած Է Թրքական Լրատուամիջոցները

Թրքական լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ դարձած է ռուսական «Вести FM» (Վէսթի FM) ձայնասփիւռի եթերով հեռարձակուած «Էրտողանի օսմանեան տենչերը» անունով հաղորդումը։

Հաղորդման հիւրն էր Ռուսիոյ «Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կեդրոնական Ասիոյ» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն, քաղաքական գործիչ, փորձագէտ  ծագումով հայ Սիմէոն Պաղտասարովը։ Վերջինիս խօսքերը Օսմանեան կայսրութեան եւ Սուլէյման սուլթանի ռուս կնոջ՝ Հիւրեմի (Ռոքսոլոնա) մասին զայրացուցած են թրքական լրատուամիջոցները։

Նախ, Պաղդասարովը ըսած է, որ բիւզանդական կայսրութեան հիմնական ցեղական զանգուածը հայերն ու յոյներն էին։ Սակայն, երբ անիկա կործանուեցաւ, այնտեղի բնակչութեան մեծ մասը թրքացուեցաւ։ Որոշ մարդոց երակներուն մէջ դեռ կը հոսի ոչ թրքական արիւն։

Օրինակ բերելով «Հիանալի դարաշրջան» յայտնի թրքական հեռատեսիլի դրուագաշարը՝ Պաղտասարով ըսած է.

«Օրինակ այդ դրուագաշարին մէջ, Իպրահիմ փաշան յոյն էր։ Ան Սուլէյման սուլթանի կողմնակիցներէն էր։ Սուլթանի կինը՝ Հիւրեմը, Իպրահիմը կը տրամադրէ սուլթանի դէմ։  Այդ ժամանակ՝ Իպրահիմ փաշան Օսմանեան կայսրութեան երկրորդ մարդն էր։ Սուլէյման սուլթանը Հիւրեմի պատճառով Իպրահիմ փաշան կ՝ուզէ սպաննել։ Կը ներէք արտայայտութեանս համար, Հիւրեմը իսկական քած էր»:

Ռուս հաղորդավարը խնդրած է նման բառեր չօգտագործել եթերի ժամանակ, Պաղտասարով հակադարձած է, թէ ատիկա գրական բառ է եւ պէտք չէ խուսափիլ անկէ։

Թրքական կայքը Պաղտասարովի ըսածը որակած է իբրեւ «անհիմն հայհոյանք»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին