Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածուն համալրուեցաւ մօտաւորապէս քսան հազուագիւտ փաստաթուղթերով եւ աւելի քան 130 բացառիկ, բնօրինակ լուսանկարներով, որոնք կ’առնչուին 1920-ին տեղի ունեցած Այնթապի հայութեան հերոսական դիմադրութեան:
Ըստ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին՝ լուսանկարները կը ներկայացնեն ինքնապաշտպանական մարտերէն դրուագներ, պաշտպանական ամրութիւններու կառուցման տեսարաններ, ինչպէս նաեւ հերոսամարտին մասնակիցները:
Այս բացառիկ նուիրատւութիւնը կատարուեցաւ Լոս Անճելըսէն Յարութ Եաղսըզեանի կողմէ: