Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամը 2018-ին լոյս ընծայած է լիբանանահայ Լոռի Թաշճեանի հեղինակած «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» գիրքը։ Անիկա ՀՃՈւ-ի հրատարակած գիտական 18-րդ ուսումնասիրութիւնն է։
Աշխատութիւնը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ վայրերու մէջ ծնած, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Լիբանան հաստատուած հայերու տապանաքարերուն արձանագրութիւնները։
«Այդ տեղանուններուն ուսումնասիրութիւնն է այս աշխատութիւնը, որ կ’ամփոփէ Այնճարի, Պուրճ Համուտի, Ղազիրի, Ճիւնիի, Թրիփոլիի, Ֆէրն ալ Շըպպէքի հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Սայտայի ոչ հայկական գերեզմանատուներու արձանագրութիւնները»,- կը գրէ Լոռի Թաշճեան՝ անդրադառնալով աշխատութեան։
Հեղինակին հաւաստիացումով՝ աշխատանքին արդիւնքով հաւաքուած է մօտաւորապէս 10000 լուսանկար, ներկայացուած են միայն այն տապանաքարերը, որոնց վրայ, հանգուցեալին անուն մականունէն բացի, արձանագրուած են տեղանուններ, ինչպէս նաեւ տապանաքարերը այն հանգուցեալներուն, որոնց ծննդավայրերը կարելի եղած է ճշդել այլ աղբիւրներու միջոցով։
Լոռի Թաշճեանի աշխատութեան հիմնական ուղեցոյցը եղած են Պրն. Սիսակ Վարժապետեանի «Հայերը Լիբանանի Մէջ» շարքի առաջին երեք հատորները։






