ՀՀ Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն, «Ծառուկեան», «Ելք» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնները համատեղ յայտարարութիւն կատարած են, որ պատրաստակամ են ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն շուրջ քննարկումներ սկսելու: Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ.
«Հաշուի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը եւ մեկնելով քաղաքական լուծումներ տալու անհրաժեշտութենէն` ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեանի առաջարկով Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին ներկայացուած 4 խմբակցութիւնները կը յայտարարեն, որ պատրաստակամ են ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն շուրջ քննարկումներ սկսելու, ինչպէս նաեւ աշխատանքային խումբ ձեւաւորելու` իւրաքանչիւր խմբակցութիւնը ներկայացնող քաղաքական ուժէն երեքական ներկայացուցիչ ձեւաչափով:
Աշխատանքային խումբը պատրաստակամ է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատանքային խումբի լիազօր ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցելու (երեք ներկայացուցիչ):
Քննարկումներուն հետագայ աշխատանքը շահագրգիռ այլ դերակատարներու հետ, ժամանակացոյցը, պարբերականութիւնը կը հաստատուին աշխատանքային խումբի յառաջիկայ քննարկումներուն ընթացքին:
ՀՀ ԱԺ խմբակցութիւններու ձեւաւորած աշխատանքային խումբի անդամներն են`
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւն
Արփինէ Յովհաննիսեան
Դաւիթ Յարութիւնեան
Վիգէն Սարգսեան
«Ծառուկեան» խմբակցութիւն
Նայիրա Զօհրապեան
Սերկէյ Բագրատեան
Գէորգ Պետրոսեան
«Ելք» խմբակցութիւն
Էտմոն Մարուքեան
Լենա Նազարեան
Կրիկորի Դոխոյեան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Արմէն Ռուստամեան
Սպարտակ Սէյրանեան
Լուսինէ Յովհաննիսեան»:






