Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Հայաստանէն Պտուղ-Բանջարեղէնի Արտահանման Ծաւալները Աւելցած Են

Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յունիս 15-ի դրութեամբ, ընդհանուր առմամբ արտահանուած է 67,294 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 33,819 թոնին դիմաց: Արտահանուած է 14,752 թոն ծիրան` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 26 թոնի դիմաց: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը մասնաւորապէս արտահանուած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն՝ շուրջ 64,178 թոն, մնացեալը՝ Վրաստան, Պելառուսիա, Ղազախստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրաք, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, Պելճիքա եւ Ռումանիա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին