Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Թաներ Աքչամի Հայոց Ցեղասպանութեան Թեման Ուսումնասիրելուն Նպաստած Է Հայրը

Թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով հետաքրքրուած է եւ զայն սկսած է ուսումնասիրել շնորհիւ իր հօր: Հայրը անոր մէջ սերմանած է արդարութեան համար պայքարիլը:

Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Աքչամ այդ մասին ըսած է Հայաստանի մէջ «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագիրները եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» թեմայով ձեռնարկին ժամանակ:

«Ես թուրք եմ, բայց մենք բոլորս նոյն արիւնը ունինք:  Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով հետաքրքրուած եմ հօրս շնորհիւ: Հայրս կ’ըսէր միայն մէկ բան՝ պատմէ ճշմարտութիւնը եւ պայքարիր արդարութեան համար»,- ըսած է թուրք պատմաբանը:

Աքչամ նշած է, թէ երբ կը քալէ Երեւանի մէջ, կը զգայ նոյն օդը, նոյն աշխարհագրութիւնը:
Ան նշած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ժխտողականութիւնը կը հիմնաւորեն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստող փաստաթուղթերու բնօրինակները պահանջելով: «Բնօրինակ փաստաթուղթի պակասին պատճառով եղելութիւնը կը դնեն կասկածի տակ: Թուրքիոյ կողմէ ժխտողականութիւնը ի սկզբանէ եղած է ցեղասպանութեան անքակտելի մասը»,- ըսած է Աքչամ եւ աւելցուցած, որ ժխտողականութիւնը ի յայտ չէ եկած Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, այլ սերմանուած եղած է ակունքներու մէջ:

Թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան այդ թեմայով աշխատանքներ ունի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին