Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Բանաստեղծ Փիթըր Պալլաքեան Հայաստան Կ’այցելէ

Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ գրող եւ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան: Բանաստեղծը «Արմռատիօ»-ի թղթակիցին յայտնած է, որ ոգեւորուած է Հայաստանի նոր սերունդով: Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին ան իր ծննդեան օրը նշած է Վանաձորի մէջ ու հիացած Լոռիի բնութեամբ ու մարդոցմով:

«Ծնունդս երէկ նշած եմ Վանաձորի մէջ, ապա գացած Հաղպատ: Մարդիկ շատ ջերմ կ’ընդունէին զիս, բոլորը կարկանդակ կ’Առաջարկէին: Տարեդարձս երկու կարկանդակով նշած ենք, ասիկա իմ ծննդեանս լաւագոյն օրն էր»,- հարցազրոյցին ընթացքին խոստովանած է ամերիկահայ գրողը։

Յիշեցնենք, որ  «Օզոնի Հանդէս» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին համար 2016-ին Փիթըր Պալաքեան արժանացաւ «Փուլիցըր» մրցանակին, «Բանաստեղծութիւն» անուանակարգին մէջ:

Նշենք, թէ «Օզոնի Հանդէսը» ժողովածուին հայերէն թարգմանութիւնը շուտով պիտի հրատարակուի Հայաստանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին