Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի նախագահ Ժագ Մարիլոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետը նշած է, որ հայ-ֆրանսական առանձնայատուկ յարաբերութիւններուն մէջ իր մեծ դերը ունի խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ այսուհետեւ միջազգային տարբեր հարթակներուն վրայ եւս պիտի շարունակէ խորանալ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու միջեւ երկկողմ համագործակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ Հայաստանը անցում կատարած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի ու այդ ծիրէն ներս կարեւորած է միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը: Կառավարութեան ղեկավարը բարձր գնահատած է Ֆրանսայի խորհրդարանի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ եւ աւելցուցած, որ անիկա կը նպաստէ նաեւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Ժագ Մարիլոսեան ուրախութեամբ նշած է, որ Հայաստան գտնուելու առաջին իսկ օրը զգացած են մեր երկրին մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններու շունչը, ներառեալ՝ գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ: Ըստ անոր՝ այդ մասին վկայած են նաեւ ՀՀ-ի մէջ գործունէութիւն ծաւալող ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Ֆրանսացի խորհրդարանականները տեղեկացուցած են, որ ֆրանսական տարբեր ընկերութիւններ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումով՝ հաշուի առնելով նաեւ մեր երկրի միջոցով ԵԱՏՄ եւ իրանական շուկաներ մուտք գործելու հնարաւորութիւնները:
«Համոզուած եմ, որ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները ֆրանսիական նոր ներդրումներ կը բերեն Հայաստան: Օտարերկրեայ որեւէ ներդրող մեր երկրում որեւէ խնդիր չպէտք է ունենայ եւ պէտք է գործի հաւասար դաշտում: Գիտակցում ենք այն մեծ պատասխանատուութիւնը, որն ստանձնել ենք ժողովրդի առաջ ու այդ առումով ակնկալում ենք նաեւ մեր արտաքին գործընկերների աջակցութիւնը, որոնք շահագրգռուած են Հայաստանում ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան զարգացմամբ»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ համոզում յայտնելով, որ այդ գործընկերներու շարքին է նաեւ Ֆրանսան: Կառավարութեան ղեկավարը, անդրադառնալով աշնան Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիոյ գագաթաժողովին, վստահութիւն յայտնած է, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակով:
Զրուցակիցները քննարկած են տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու մէջ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ֆրանսական պատուիրակութեան անդամներուն խնդրանքով վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, ներառեալ՝ փտածութեան դէմ պայքարի, հարկային, մաքսային վարչարարութեան պարզեցման, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղուած քայլերուն:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան՝ վարչապետը ընդգծած է, որ անիկա պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով եւ շեշտած է համապատասխան մթնոլորտի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը:






