Յունիս 12-ին Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ հիւպատոսութեան հովանաւորութեամբ եւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան «Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան» կրթական մշակութային կեդրոնի գրական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած է ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի, ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեանի գրական-գեղարուեստական երեկոն` նուիրուած Վահագն Դաւթեանի ծննդեան 95-ամեակին եւ Համօ Սահեանի մահուան 25-րդ տարելիցին: Ասմունքէն բացի, ան հանդիսատեսին ներկայացուցած է նաեւ վերյուշեր, հետաքրքրական դրուագներ մեծանուն բանաստեղծներուն կեանքէն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով երեկոյի կազմակերպիչներուն եւ ամերիկահայ հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութեան համար` Սիլվա Եուզպաշեան իր տպաւորութիւններուն մասին կիսուած է դիմատետրի իր էջին վրայ. «Սիրելինե՛րս, ձեր աչքերուն ժպիտն ու թախիծը, կարօտն ու ջերմութիւնը հոգիիս մէջ առած` քանի մը օրէն կը վերադառնամ տուն: Կրկին համոզուեցայ, որ այսօրուան Սփիւռքը Հայաստանի տրոփուն ու զգայուն զարկերակն է, ամէն անգամ Սփիւռքի դահլիճներուն մէջ ելոյթներէս ետք նոյն հարցը կու տամ ինքզինքիս` արդեօք կա՞յ այլ ժողովուրդ մը, որ լեցուն սրահի մէջ, ժամերով համակ լսողութիւն դարձած, բեմին միայնակ կանգնած ասմունքողի շրթունքներէն արձակ եւ բանաստեղծական խօսք լսէ…»: