Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Ազգային Ժողովը Կողմ Քուէարկեց Մանուէլ Գրիգորեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցելու Միջնորդութեան

Ազգային ժողովը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ կողմ քուէարկեց Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելու միջնորդութեան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, քուէարկութեան արդիւնքները ներկայացուց Ազգային ժողովի հաշուիչ յանձնախումբի նախագահ Գագիկ Մելիքեանը:

Քուէարկութեան մասնակցած է 85 պատգամաւոր: Կողմ քուէարկած է 81, դէմ՝ 3 պատգամաւոր 1 քուէաթերթիկ անվաւեր համարուած է:

Մանուէլ Գրիգորեան Յունիս 16-էն ձերբակալուած է: Իրականացուած խուզարկութիւններով Մանուէլ Գրիգորեանին պատկանող կամ իր փաստացի տիրապետութեան տակ գտնուող առանձնատուներուն, մեքենաներուն, շէնքերուն, շինութիւններուն մէջ կատարուած են 6 խուզարկութիւններ, որոնց արդիւնքով յայտնաբերուած եւ վերցուած են 26 նռնակ, 19 հակահրասայլային ականանետ, աւելի քան 17,000 տարբեր տրամաչափի փամփուշտ, ինչպէս նաեւ այլ ռազմամթերքներ ու հրազէն: Խուզարկութեամբ յայտնաբերուած է նաեւ 71,760 ՀՀ դրամ, 80,000 ԱՄՆ տոլար, 67,350 եւրօ, 246,500 ուքրանական արժոյթ:

Բացի այդ, Արմաւիրի մարզի Արշալոյս գիւղի եւ Էջմիածին քաղաքի համապատասխան հասցէներուն վրայ գտնուող շինութիւններուն մէջ կատարուած խուզարկութիւններու արդիւնքով յայտնաբերուած է 33 փոխադրամիջոց, ներառեալ՝ զինուորական նշանակութեան փոխադրամիջոցներ:

Արմաւիրի մարզի Արշալոյս գիւղի համապատասխան հասցէի վրայ կատարուած խուզարկութեամբ՝ կենդանիներ պահելու համար առանձնացուած հատուածին մէջ յայտնաբերուած են, Տաւուշի մարզի Չորաթան գիւղի, Վերին Ծաղկաւան գիւղի, Շիրակի մարզի Ախուրեանի, Երեւանի մի քանի եւ Էջմիածնի դպրոցներու աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն կողմէ հաւաքագրուած գումարներով ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակիցներուն համար որպէս օգնութիւն ուղարկուած 160 հատ միսի պահածոյ, 44 հատ բանջարեղէնի պահածոյ, 33 հատ ձէթ, 9 պարկ եւ 60 տուփ մաքարոն, 14 տուփ թէյ, դեղորայք, զինուորական նախշերով պայուսակներ, տուփերով ներքնաշոր եւ այլն:

Պահածոներու, կաթի տուփերուն մէջէն եւ արկղերուն վրայ յայտնաբերուած են «Իմ քաջ զինուոր» վերտառութեամբ աշակերտներու գրառումներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին