Հայաստանի մարզերու բնակիչներուն մասնագիտական երգ ու պարին մէկ անգամ եւս հաղորդակից դարձնելու նպատակով՝ Ծաղկաձորի հրապարակին վրայ, «Մինորա» մշակութային կեդրոնին նախաձեռնութեամբ՝ իրականացուած է գեղեցիկ բացօթեայ համերգ:
«Armenpress.am»-ի տեղեկութիւններով՝ Ծաղկաձորի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ իրականացուած ձեռնարկին ներկայացուած են ինքնատիպ պարային ու երաժշտական բաժիններ, հանդէս եկած են խումբեր Երեւանէն ու տարբեր մարզերէ: Մասնակիցները արժանացած են բաժակներու եւ պատուոգիրերու:
«Մեր կեդրոնը արդէն երրորդ տարին է, որ Ծաղկաձորի մէջ կը կազմակերպէ նման համերգային ծրագիր: Նպատակն է մասնագիտական պարն ու երգը ներկայացնել նաեւ հանրապետութեան մարզերուն մէջ, որպէսզի մարզային բնակչութիւնը եւս անմասն չմնայ մշակութային կեանքէն»,- նշած է «Մինորա» մշակութային կեդրոնի հիմնադիր եւ տնօրէն Ռոլանտ Ռէյը (Աբրահամեան):
Անոր խօսքով՝ մարզաբնակ հանդիսատեսը միշտ ոգեւորութեամբ կ’ընդունի նմանատիպ ձեռնարկները: Այս համերգն ալ բացառութիւն չէր: Մշակութային կեդրոնը նախատեսած է նաեւ շարք մը համերգներ հանրապետութեան այլ մարզերու մէջ: Յառաջիկային համերգներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Սեւանի եւ Դիլիջանի մէջ: