Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Պատանի Գրիչներ – Հայ Եկեղեցին՝ Հոգիիս Ծննդավայրը

*ՀՈՒՐԻ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ*
(Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարան, ԺԱ. կարգ)                                                                                                                     

Դպրոցական տարեշրջանի վերջին օրը, հայերէն լեզուի վերջին պահուն, շարադրութեան նիւթ մը առաջարկեցի իմ աշակերտներուն։ «Հայ եկեղեցին՝ հոգիիս ծննդավայրը»: Շարադրանքը գրի պիտի առնուէր դասարանին մէջ, տեղւոյն վրայ։ Այս նիւթը ընտրած էի ոչ-պատահաբար. Կ՛ուզէի զայն առնչել Վահան Թէքէեանի նշանաւոր քերթուածին, զոր շաբաթ մը առաջ վերլուծած էինք դասարանին մէջ միասնաբար՝ ես ու իմ աշակերտները։ Հիմա կ՛ուզէի իմանալ աշակերտներուն պատկերացումը իրենց ազգային եկեղեցիին մասին։

   Գաղտնիք չէ, որ ներկայ դպրոցական սերունդը հայերէն շարադրելու լուրջ դժուարութիւններ ունի։ Շարահիւսական, քերականական եւ ուղղագրական սխալները գլխու պտոյտ կը պատճառեն մեզի՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչներուս։ Այսուհանդերձ, երբեմն, պիտանի գրիչներ կ՛ուրախացնեն մեզ։ Այդպէս պատահեցաւ այս անգամուն ալ։ Հուրի Կարապետեան, որ հայերէնի նկատմամբ սէր ցուցաբերող տիպար ուսանողուհի մըն է, պահու աւարտին հետեւեալ էջը յանձնեց ինծի։

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 

   Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, որուն դռները միշտ բաց են։ Ան կը գրկէ մեղաւորն ու անմեղը, մեծը եւ փոքրը։ Եկեղեցին այն վայրն է, ուր մարդ կրնայ սրբուիլ իր մեղքերէն, ուխտեր կատարել եւ շնորհակալութեան աղօթքներով փառաբանել զԱստուած։

   Հալէպի մէջ ունինք շարք մը հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս` Ս. Աստուածածին, Ս. Գէորգ, Ս. Խաչ, Ս. Քառասնից Մանկանց եւ այլն։ Այս բոլոր եկեղեցիներուն մէջէն իմ նախասիրած եկեղեցին եղած է Ս. Քառասնից Մանկանցը։ Այս եկեղեցին շատ մօտ է իմ սրտիս, որովհետեւ երբ փոքրիկ մանուկ էի` մեծ մայրս պատմած էր ինծի այս եկեղեցիին դարաւոր պատմութիւնը եւ ըսած էր թէ անիկա Հալէպի հայոց մայր տաճարն է։ Այդ օրուընէ ի վեր ես շատ մեծ սէր ունեցած եմ այս եկեղեցիին հանդէպ։ Որքան որ կը յիշեմ, առաջին անգամ ես հոն այցելեցի մեծ մօրս հետ եւ շատ հիացած մնացի եկեղեցւոյ ներքին ամէն մէկ մանրամասնութեան նկատմամբ։ Երբ քիչ մըն ալ մեծցայ, մեծ մայրս կարգադրեց` որ այս եկեղեցւոյ մէջ ծառայեմ իբրեւ դպրուհի։ Կը յիշեմ, չորրորդ դասարան էի, երբ առաջին անգամ եկեղեցական շապիկը հագուեցայ։

    Շատ աղուոր զգացում էր եկեղեցւոյ դասին մէջ կենալ եւ ժամերգութեան մասնակցիլ։ Բազմաթիւ ընկեր-ընկերուհիներ ալ շահեցայ այդ դպրաց դասին մէջ։ Ամէն Շաբաթ եւ Կիրակի, ես եւ ընկերուհիներս մեր շապիկները հագած, ժամագիրքերը ձեռքերնիս բռնած` կը ծառայէինք մեր այս դարաւոր տաճարին։ Կեանքիս ամենաուրախ օրերը անցուցած եմ այդ եկեղեցիին մէջ։

   Սակայն օր մը շատ մտահոգիչ լուր մը ստացայ. ըսին թէ մեր եկեղեցին պատերազմի ռումբերուն տակ փլած է, վնասուած է։ Այդ պահուն շատ նեղուեցայ, նոյնիսկ` լացի, որովհետեւ այնքան սիրով կապուած էի այդ եկեղեցիին որ` երբ լսեցի այս բօթը, չկրցայ արցունքներս զսպել։ Եւ այդ օրուընէ ետք ո՛չ մէկ եկեղեցի կրցայ յաճախել։ Այդ օրէն, չկրցայ նաեւ դպրութիւնս շարունակել, որովհետեւ համոզուած էի թէ մի՛ակ լաւ եկեղեցին ի՛մ եկեղեցիս էր։ Այդ օրէն ետք սկսայ տակաւ առ տակաւ հեռանալ եկեղեցիէն, եւ իմ կապս, որ շատ զօրաւոր էր եկեղեցիին հետ, տկարացաւ։

   Բայց երբ քանի մը տարի ալ մեծցայ ու խելահաս դարձայ, համոզուեցայ որ բոլոր եկեղեցիները հաւասար են, բոլո՛րն ալ Աստուծոյ տունն են։

   Այնուամենայնիւ, այժմ գրեթէ միայն Զատիկի շաբաթը եկեղեցի կը յաճախեմ։

  Ատեններ, երբ նստած կ’ըլլամ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ եւ պատարագը մտիկ կ’ընեմ, յանկարծ միտքս կու գայ իմ աննման եկեղեցիս եւ կը սկսիմ բաղդատել երկու եկեղեցիները իրարու հետ։ Կը վերյիշեմ Քառասուն Մանուկի լայն ու մեծ խորանը, ընդարձակ բակը, պատէն կախուած դժոխքի խոշոր պատկերը, բարձր եւ սրածայր զանգակատունը եւ ուրիշ բաներ։ Տարիներ անցած են եւ ես հիմա չեմ գիտեր թէ ի՞նչ վիճակ կը պարզէ եկեղեցին։

   Շատ կարօտցած եմ իմ եկեղեցին։ Կը վերյիշեմ կարօտով` թէ տօնական օրերուն կը փոխուէր եկեղեցիին ներքին մթնոլորտը, խորանը կը ծածկուէր սեւ վարագոյրով, որ սուգի նշան է։ Քշոցակիրներուն ձայնը մինչեւ հիմա ականջիս մէջ է, եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջը կարծես չի հեռանար ականջէս։

   Ա՜խ, իմ աննման Քառասուն Մանկանց եկեղեցիս։ Աստուծոյ կամքով ետ պիտի վերականգնիս եւ շարունակես գրկել քու հաւատացեալներդ։ Ամէն գիշեր կ’աղօթեմ, տէրունական աղօթքը «Հայր Մեր»-ը, կ’արտասանեմ եւ Աստուծմէ կը խնդրեմ որ պահէ բոլո՜ր հայ եկեղեցիները։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին