ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչները՝ պատուիրակութեան ղեկավար Վերոնիք Ռոժէ-Լաքանի գլխաւորութեամբ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Վարչապետը կարեւորած է ՀՀ կառավարութեան եւ ԵԱՀԿ-ի ու վերջինիս անդամ պետութիւններու հետ սերտ համագործակցութիւնն ու կառուցողական երկխօսութիւնը: Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական զարգացումներուն, երկրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն եւ պատասխանած հանդիպումի մասնակիցները հետաքրքրող շարք մը հարցերու: Անոնք մասնաւորապէս առնչուած են ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան ու ծրագիրներուն՝ քաղաքական, տնտեսական ոլորտներուն մէջ, ժողովրդավարական հիմնարկի զարգացման ուղղութեամբ նախատեսուող բարեփոխումներուն: Դիւանագէտներու խնդրանքով՝ գործադիրի ղեկավարը ներկայացուցած է իր դիտարկումները ՀՀ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման եւ ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու իրականացման, փտածութեան դէմ պայքարի, առեւտրական միջավայրի բարելաւման, մենաշնորհներու դէմ պայքարի հետ կապուած:
Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ խօսած Ռուսաստանի, Եւրոպական միութեան, ԱՄՆ-ի ու այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններու մասին:
Վերոնիք Ռոժէ-Լաքանը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին անկեղծ եւ անմիջական երկխօսութեան համար՝ ընդգծելով, որ ԵԱՀԿ-ն պատրաստ է զարգացնել ու խորացնել Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը՝ ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով:






