Նախագահ Արմէն Սարգսեան, նախնական պայմանաւորուածութիւններու համաձայն, աշխատանքային հանդիպումներու նպատակով Յունիս 18-ին մեկնած է արտերկիր, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը Միացեալ Թագաւորութիւն այցի ժամանակ պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական ձեւաչափով շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ: Արմէն Սարգսեան պիտի հիւրընկալուի Պուքինկհեմեան պալատ: Որպէս Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան` ան հրաժեշտի հանդիպումներ պիտի ունենայ արտաքին գործերու նախարարութենէն ներս:
Լոնտոնէն Հանրապետութեան նախագահը պիտի մեկնի Ֆրանսա: Փարիզի մէջ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ՝ Հայաստանի մրցակցային առաւելութիւնները ներկայացնելու եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները քննարկելու նպատակով:
Նախագահ Սարգսեան Փարիզի մէջ աշխատանքային հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ֆրասախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Պիտի քննարկուին Հոկտեմբեր 7-12 Երեւանի մէջ կայանալիք ֆրանսախօս երկիրներու գագաթաժողովի շրջանակէն ներս գործարար համաժողովի իրականացման հետ կապուած հարցեր:
Արմէն Սարգսեան Յունիս 26-ին պիտի մեկնի ԱՄՆ Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն՝ Սմիթսոնեան հիմնարկի ամէնամեայ «Ազգային կեանք» փառատօնին, որ նուիրուած է հայկական մշակութային ժառանգութեան:
Ուաշինկթընի մէջ նախագահ Սարգսեան ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած ընդունելութեան ԱՄՆ ծերակոյտի մէջ:
Նշուած երկիրներու մէջ գտնուելու ընթացքին հնարաւոր են նախագահ Սարգսեանի քաղաքավարական հանդիպումները այդ երկրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ:






