«Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ՝ Ստեփանակերտ ժամանած իրանահայ բժիշկները սկսած են անվճար հետազօտութիւններ իրականացնել: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
Մանկաբոյժ-սրտաբան Արամ Քոչարեան ըսած է, որ առաջին օրը հետազօտութիւններ իրականացուցած են «Արեւիկ» մանկական բժշկական միաւորման մօտ:
««Արեւիկ» բժշկական միաւորման մօտ զննած ենք աւելի քան 23 փոքրիկ: Այսօր կը հետազօտենք «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ի այցելուները, իսկ վաղը պիտի աշխատինք Մարտակերտի շրջանային բժշկական միաւորման մօտ: «Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման կեդրոն»-ին մէջ մեր կողմէ իրականացած է պտուղի ներարգանդային սրտի զննում:
Կը կարծեմ՝ «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ ասիկա շատ կարեւոր քայլ է, քանի որ այցին ընթացքին յղիները հնարաւորութիւն ունին անցնելու հետազօտութիւն ուղղակի այստեղ»,- աւելցուցած է Ա. Քոչարեան:
Իր հերթին, իրանահայ բժիշկ Ալֆրետ Աւագեան նշած է, որ ուրախալի է Արցախի մէջ տեսնել կատարելագործուած բժշկական անձնակազմ եւ արդի պահանջներուն համապատասխանող հիւանդանոցներ:
«Համոզուած եմ, որ այս պայմաններուն մէջ տեղի բժիշկները պիտի ապահովեն աշխատանքի շատ աւելի բարձր մակարդակ՝ նպաստելով բնակչութեան առողջական վիճակի կայունացման»,- ըսած է Ա. Աւագեան:






