ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեան դիմած է ՀՀ ԱԺ խմբակցութիւններուն՝ ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ քննարկումներու մեկնարկի համար աշխատանքային խումբ ձեւաւորելու առաջարկով: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրային կապերու վարչութենէն:
«Հաշուի առնելով երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին հանգուցալուծում տալու անհրաժեշտութիւնը՝ ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Պապլոյեան դիմած է ՀՀ ԱԺ խմբակցութիւններուն՝ առաջարկելով ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ քննարկումներու մեկնարկի համար ձեւաւորել աշխատանքային խումբ»,- կ’ըսուի ԱԺ յայտարարութեան մէջ:






