2018-ի Յունիս 9-ին տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «STEM» ակումբի տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին ակումբին անդամները ներկայացուցին տարուան ընթացքին իրենց իրագործած մեքենաշինական լաւագոյն աշխատանքները:
Մրցոյթին ներկայացուեցան աւելի քան 40 աշխատանքներէ զատուած լաւագոյն 4 գործերը, որոնք ցուցանիշ հանդիսացան այն զարգացումին, որ Մեսրոպեանի աշակերտները արձանագրած էին ռոպոթիքսի մէջ` այս ծրագրի 2 տարուան գործունէութեան արդիւնքով:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Մեսրոպեանի «STEM» ակումբի ղեկավար Ժագ Տարագճեան, որ կոչ ուղղեց ներկայ աշակերտներուն յաւելեալ աշխուժութեամբ մասնակցելու ակումբի գործունէութեան՝ թուելով այն բոլոր օգուտները, զորս աշակերտները կրնան ստանալ անորմէ:
Խօսք առաւ «Hands-on STEM» կազմակերպութեան գործընկեր «Kids Genius» եւ «The Makers’ Hub» հաստատութիւններուն ներկայացուցիչը, որ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեանի աշակերտներուն արձանագրած յառաջընթացը ռոպոթիքսի գիտութեան մէջ, ինչպէս նաեւ տնօրէնութեան քաջալերանքը` վարժարանին մէջ այս մարզը զարգացնելուն ուղղուած: Ան վկայագիրեր յանձնեց լաւագոյն աշխատանքը իրագործած խմբակի 7 անդամներուն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեանի «STEM» ակումբի բոլոր 45 անդամներուն: Յատուկ վկայագրի արժանացաւ ակումբի ղեկավար Ժագ Տարագճեան:
Վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ արհեստագիտութեան ուսուցումը Մեսրոպեանի մէջ պիտի մտնէ բոլորովին նոր հանգրուան` հանդիսանալու համար կրթական գերակայ ուղղութիւններէն մէկը, որուն պիտի հետեւին աշակերտները` մանկապարտէզէն մինչեւ ամենաբարձր դասարաններ: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանը պիտի շարունակէ գործակցիլ Hands-on STEM գիտա-կրթական կազմակերպութեան հետ, ըստ երկու տարի առաջ ստորագրուած համաձայնութեան:
Նշեալ կազմակերպութիւնը կը միտի զարգացնել լիբանանցի աշակերտներուն գիտելիքները՝ գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան եւ ուսողութեան մարզերուն մէջ: Անոր նպատակն է լիբանանեան դպրոցներուն մէջ յառաջացնել STEM (Science, Technology, Engineering, and Mathematics) ակումբներ եւ այդպիսով նպաստել աշակերտներու զարգացումին:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի









