Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Մահախօսական՝ Գրիգոր Եալմանեան

Հաճընցի   ընտանիքի զաւակ Գրիգոր  Եալմանեան ծնած է Իսքանտարուն:  Իր  սերնդակիցներու  մեծամասնութեան նման  ճաշակած  է     մանկութեան բոլոր  դառնութիւնները:  Կեանքի պայմանները  զինք մղած են  կիսատ ձգելու ուսումը:  

Աշխատասէր  եւ  կամքի տէր երիտասարդ, ինքնաշխատութեան շնորհիւ յաղթահարած է   կեանքի ովկիանոսին ալիքները:  Ընտանեկան  բոյն կազմած է   հաճընցի՝   Զաքարեան երեւելի ընտանիքի  դուստր՝ Ալիսի  հետ: Աստուած   նորաստեղծ ընտանիքին պարգեւած է  դուստր մը՝ Լիզա եւ  երեք մանչ՝ Վարդիվառ, Կարօ, Յովիկ:

Երիտասարդ տարիքէն  մուտք  գործած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը եւ շնորհիւ իր յանդուգն նկարագիրին  դարձած է  կուսակցութեան մարտական թեւի ամենագործունեայ  ղեկավարներէն:

Գրիգոր Եալմանեան խառնուածքով   եղած է  բարեսիրտ  եւ մարդասէր  հայորդի մը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի  օրերուն մեծ   ծայառութիւն  մատուցեց  Քարանթինայի   շրջանի այլազգ բնակչութեան՝ երաշխաւորելով անոնց ապահով ելքը դէպի  Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ  եկեղեցի, ապա  դէպի արեւմտեան Պէյրութ:

Այս  միջոցին շատ անգամ  վտանգեց  իր կեանքը: Քանի մը անգամ  առեւանգուեցաւ: Առիթով մը հրաշքով  փրկուեցաւ  մահէն, երբ անարգ ոճիրի  ենթարկուելէ քանի մը վայրկեան առաջ, Քարանթինայէն վերապրող մը  միջնորդեց՝  փրկելով անոր կեանքը:

 Քարանթինայի աղէտէն  բազմաթիւ վերապրողներ  մինչեւ  օրս  կը յիշատակեն   Գրիգոր Եալմանեանի   մարդասիրական  այս   անգնահատելի ծառայութիւնները:  Տկարին  ընկերն էր ան  եւ   կը հաւատար  մարդ արարածի  ազատ ապրելու իրաւունքին՝  մերժելով  համայնքային պատկանելիութեան  պատրուակի տակ  կատարուող վայրագութիւնները: 

  Երկար ժամանակ ան դարձաւ ՌԱԿ-ի  Եկարեան ակումբի մարտական պատասխանատուն, աւելի ուշ՝  Կուսակցութեան  Անթիլիասի շրջանի  եւ ակումբի  պատասխանատուն:

Գրիգոր Եալմանեան միաժամանակ  կ’ապրէր   Մայր հայրենիքով:  Հայրենիքի  վերելքով եւ սէրով կը դաստիարակէր իր զաւակները, շրջապատը: Ընկերասէր էր եւ կը վայելէր  շրջապատին  յարգանքը:

Գթասիրտ էր եւ  կարեկցող: Բարեգործութիւնը անոր համար   ծայառութիւն էր, խղճի   հանգստութիւն: Քանի-քանի ուսանողներու կրթաթոշակը կը  փակէր, միշտ լռութեան մէջ՝ առանց  յայտարարութիւններու  կամ շռնթալից գնահատականներու ակնկալութեան:  Այսպէս  դաստիարակեց նաեւ իր զաւակները՝  ազգին, շրջապատին ծառայել լռութեամբ:

Այսօր այսպիսի արժանաւոր հայորդի մը  հրաժեշտ կու տայ   մեզի, սակայն անոր    անունը,  բարի  գործերը վառ պիտի մնան  իր տիկնոջ, զաւակներուն, հարսերուն,  թոռնիկներուն,  գաղափարի ընկերներուն եւ   բարեկամներուն  սրտերուն մէջ:

 Յիշատակը անմար:

Սգակիր Ընկեր Մը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին