Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Ժողովրդական Նկարիչ Անաթոլի Աւետեանի Գործերու Ցուցահանդէս Պէյրութի Մէջ

*ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆ*

«ԶԱՐԹՕՆՔ» – Յունիս 13-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան  համալսարանի հովանիին ներքոյ համալսարանի «Մաթոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Անաթոլի Աւետեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:  Դեսպանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ա. Աւետեանի ստեղծագործական  ինքնատպութիւնը, բազմազան արտայայտչամիջոցներու համակցման վարպետութիւնը:

Ան արուեստագէտին մաղթեց արդէն իսկ տասնամեակներու բեղուն ստեղծագործական աշխատանքի շարունակութիւն: Պրն. Դեսպանը  նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց վերապատուելի Դոկտ. Հայտոսթեանին Հայկազեան համալսարանի կողմէ մշտապէս ցուցաբերուող աջակցութեան համար:

Աւետեան արուեստագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ իր  արուեստին ուղղուած գնահատանքի խօսքերուն համար:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին թիւով 26 ստեղծագործութիւններ: Ցուցահանդէսը արուեստասէր հանրութեան համար բաց մնաց մինչեւ 16 Յունիս:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին