Վեհափա՛ռ Տէր,
Գերաշնորհ սրբազան հայրեր,
Յարգելի՛ պետական հիւրեր,
Յարգելի՛ հիւրեր,
Սիրելի՛ ներկաներ,
Պատիւ ու պարծանք ըլլալէ բացի, դժուար ու յաւակնոտ պատասխանատուութիւն է արժեւորել անձնաւորութիւն մը, որ անցնող կէս դարուն, սփիւռքահայ կեանքէն ներս ազգային, կրօնական եւ մշակութային բնագաւառները կեդրոնացուց իր անձին ու առաքելութեան մէջ։ Անձնաւորութիւն, որ իր հոգեւոր հարուստ աշխարհահայեացքով, վարչական բացառիկ օրինապահութեամբ՝ ձուլուած գրական-մշակութային ոգիով, գլխաւորեց դասը, որ կը կոչուի ազգային, միջազգային եւ համազգային տարողութեամբ գործունէութիւն եւ աներկբայօրէն կը կոչուի Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
Շռայլութիւն մը չէ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետներու համագումարին մէջ Արամ Ա. Վեհափառին տալու այս նախապատուութիւնը ։ Բաւարար է կեդրոնանալ իր կէս դարու ծառայական կեանքին վրայ, որ յստակօրէն կը յատկանշուի խիզախ ու յանդուգն իմացական ներուժով
Ո՛չ կը չափազանցենք եւ ոչ ալ կրնանք ուրանալ եզակի դերակատարութիւնը պատմական այս ժամանակահատուածին մէջ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին։
Գալով համեստ աշխարհէ՝ լուսամիտ պահպանողականն էր համակուած տարբեր ոգիով, որ բաւականին լաւ կը ճանչնար իր ժողովուրդը, անոր ընկերային, մշակութային ու քաղաքական պայմանները, մտահոգութիւններն ու մարտահրաւէրները եւ լաւապէս կ’ըմբռնէր երիտասարդութեան իւրայատուկ արժէքն ու ու առանցքային դերակատարութիւնը հայ կեանքէն ներս։
Շատ կանուխ տարիքին ծանրաբեռնուեցաւ պարտականութիւններով՝ դպրեվանքի ուսուցչական պատասխանատուութենէն մինչեւ գերագոյն պաշտօնին ստանձնումը՝ միշտ հաստատելով իր մէջ ձեռնհասութիւնը, լրջութիւնը, վճռակամութիւնն ու հաւատքը. կողմնորոշիչ արժէքներ, որոնք առաջնորդեցին զինք իր բոլոր յանձնառութիւններուն մէջ։
Դպրեվանքի ուսուցչութիւնը տուաւ առիթը մարդը ճանչնալու առաջին փորձառութեան՝ բացուելու աշխարհին։ Չմոռնանք, որ 1968-էն մինչեւ օրս Վեհափառ հայրապետը կը շարունակէ դասաւանդել դպրեվանքէն ներս որպէս ուսուցիչ՝ յանձնառու մարդակերտումի իր առաքելութեան։
Այդ փորձառութիւնը կրկնակի խորացաւ, երբ ստանձնեց առաջնորդութիւնը ամենաբարդ ու կնճռոտ թեմին՝ Լիբանանի հայոց թեմին։ Ծանօթացաւ համայնքի ներքին կեանքին եւ արագ վերահասու դարձաւ դէպքերու շարժառիթներուն եւ կացութիւնները առաւ իր վերահսկողութեան ու հակակշռին տակ։ Անշեղօրէն կատարեց առաջնորդական աշխատանքներ կրթական, ընկերային, տնտեսական բոլոր մարզերուն մէջ, որոնց պատկերը ամբողջացաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յառաջացուած նոր կացութիւններով։ Կրթական գործին մէջ ունեցաւ արի կեցուածք, ժողովական կեանքին մէջ՝ նախանձախնդիր ու նախաձեռնող, կազմակերպեց բոլոր ազգային մարմինները իրենց ենթաբաժանումներով։ Արամ Սրբազանով Լիբանանի թեմը դարձաւ կարեւորագոյն թեմը՝ ստանալով ազգային կեդրոնական թեմի հանգամանք։ Ամէնուն մէջ եւ ամէնուն հետ իր նախաձեռնած բոլոր ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն մէջ ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար ըլլալը դարձաւ սրբազան սկզբունք։
Շատ երիտասարդ, մասնակցեցաւ միջեկեղեցական համագումարներուն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի մէջ։ Գրաւեց ուշադրութիւնը անդամ եկեղեցիներուն եւ եկեղեցապետներուն։ Զարգացուց իր գիտելիքները՝ կեդրոնանալով իր նախասիրութիւններու ընդարձակման եւ հասունացման վրայ, որոնք կը կազմէին կրօններու պատմութիւնը, արեւմուտքի եկեղեցագիտութիւնը, մարդկային գիտութիւնները, միջին արեւելեան եկեղեցիներու պատմութիւնն ու համակեցութիւնը իսլամ ընկերութիւններու մէջ։ Արդիւնքը իր ցուցաբերած հմտութեան, պատասխանատու եւ քաջարի կեցուածքներուն ՝ ընտրուեցաւ ԵՀԽ ատենապետ 1991-ին: Եօթը տարիներու ընթացքին դիւանագիտական ճկունութեամբ ապահովեց եկեղեցիներու համերաշխութիւնն ու մերձեցումը՝ արժանանալով համաժողովին ներկայ 400 անդամ եկեղեցիներու բարձր գնահատանքին, երկրորդ անգամ վերընտրուելով իբր ատենապետ. երեւոյթ, որ իր նախընթացը չէր ունեցած ԵՀԽ-ի պատմութեան մէջ։
Կարողացաւ գործնականօրէն կիրառել ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններ Համաշխարհային Եկեղեցնիներու Խորհուրդի վարչական եւ ակադեմական ոլորտներու մէջ՝ դառնալով տիրական դէմք եւ փնտռուած եկեղեցականը։ Միջին Արեւելքի Եկեղեցնիերու Խորհուրդի նախագահի հանգամանքով կամրջեց եկեղեցիները՝ զարգացնելով քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը։ Քաղաքական նրբերանգ եւ դիւանագիտական ընկալումներով յարաբերութիւններ մշակեց օտար եկեղեցիներու եւ կրօններու հետ եւ բազում այլ արտայայտութիւններ, որոնք Արամ վեհափառը կ’առանձնացնեն՝ դարձնելով զինք եզակի դէմք ո՛չ միայն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս, այլ նաեւ շրջանայի՛ն եւ համաշխարհայի՛ն եկեղեցիներու չափորոշիչներով։
Իր անձին ընդմէջէն հայ եկեղեցին, մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարձաւ հանրաճանաչ, եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը առնուեցաւ լուսարձակի տակ։
Հասունցած, հարստացած, ամրացած փորձառութիւններով եւ մանաւանդ լաւապէս գիտակ միջեկեղեցական, ներքաղաքական բոլոր ծալքերուն, ազգային կեանքի կնճռոտ հարցերուն՝ Արամ Սրբազան կ’օծուէր Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ 1995-ին, 48 տարեկան հասակին։
Վարեց կաթողիկոսական գերագոյն պաշտօնը եւս անզիջող բծախնդրութեամբ, խստապահանջ կարգապահութեամբ, լրջագոյն պատասխանատուութեամբ, խղճի ձայնով եւ հայրական ջերմութեամբ։ Տեղական, թեմական, շրջանային թէ համազգային տարողութեամբ ստեղծուած ներքաղաքական բախումները զսպեց խոհեմութեամբ՝ հաւասարակշռելով կողմերը, կանխատեսելով հետեւանքները, արիաբար ընդիմանալով միջկրօնական ժողովներուն մէջ արծարծուած եւ անուղղակիօրէն եկեղեցիներու պարտադրուած արդիականացումը։ Զսպանակեց հայրենիքի մէջ երեւան եկած հոգեւոր արժէքներու բեկումէն յառաջացած երկփեղկումը եւ կարճ ժամանակի մէջ յաջողեցաւ ստեղծել ազգային միութիւն մը՝ բոլոր միտքերը ու ջանքերը ի սպաս դնելով ազգային դատին։
Ժողովներով, համագումարներով եւ հաւաքներով Անթիլիասը դարձուց ոչ միայն հոգեւոր ներշնչարան, այլեւ մտաւորական, մշակութային, կրօնական հարթակի, ուր քննարկուեցան ազգային եւ համազգային հարցեր՝ տանելով եկեղեցին ժողովուրդին եւ ժողովուրդը համախմբելով եկեղեցիին շուրջ, գործածելով իր բառերը։
Եւ տակաւին գրական հարուստ վաստակով, հայագիտական, մանկավարժական ամպիոններով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վերածեց հայերէնի պահապանման ճեմարանի՝ ամբողջացնելով տակաւ հանգող հայապահպանումի ճիգերը։
Յիսուն եւ աւելի տարի քարոզեց խորանէն, խօսեցաւ բեմերէն, համալսարաններու ամպիոններէն, խօսեցաւ հեղինակութեամբ եւ հմտութեամբ, ճարտարութեամբ եւ քաջութեամբ՝ հրապուրելով խելացին ու թերահաւատը, զարգացածն ու տգէտը, հասնելով ամենաբարձր մակարդակին ու ամենահամեստին։ Իր բոլոր ելոյթները, գլխագիր ԲԱՆ-ին լուսաբանութիւնները ըլլալով, խարսխուած էին աւետարանին վրայ ու կը բխէին աւետարանէն, որոնցմով հասաւ անոնց խորքը եւ խօսքի կենդանի ուժով թափանցեց մարդոց հոգիները եւ մտքի ուժով հաղուրդուեցաւ անոնց հետ։
Արամ Վեհափառի բոլոր արարումներուն գագաթնակէտը, սակայն, կը հանդիսանայ հայրապետական գահակալութեան 23 տարիները, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի հանրապատկերին վրայ նիւթականացած՝ շինարարական, մտաւորական, մշակութային, քաղաքական եւ յարաբերական իրագործումներու հանրագումարը, որոնք ծաւալով ու որակով անվիճելիօրէն աննախադէպ էին։
Ան գալիք սերունդներուն յանձնեց ազգային յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան մշտահունչ ոգին մարմնաւորող Պիքֆայայի որմնաքանդակները ապրիլեան վերածնունդի դէպի երկինք խոյացող յուշակոթողով, Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Արամ Պեզիքեան թանգարանով, Մայիսեան յաղթանակի կոթողով, հայ եկեղեցւոյ ներքին միասնականութիւնը ամրապնդող գործակցութեամբ, Սիսի Կաթողիկոսութեան ազգապատկան կալուածներու դատական հայցով ներկայացուած Թուրքիոյ սահամանդրական դատարանին՝ բանալով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգայնացման իրաւական գործընթացը։
Եւ տակաւին Հայաստանի անկախացումով եւ Արցախեան ազատարական պայքարով բացուած մեր նորագոյն պատմութեան ժամանակահատուածին մէջ դարձաւ Արցախեան պահանջատիրութեան ջատագովը աշխարհի բոլոր ամպիոններէն՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելով։ Միեւնոյն ատեն Հայաստան- Սփիւռք համագործակցութեան առիթները օգտագործեց խարազանելու հայրենի իշխանութիւններու կրաւորական կեցուածքը, սանձելու արտագաղթը, զգաստութեան հրաւիրելով հայրենապարպումի տանող քաղաքականութիւնն ու քաղցկեղի նման տարածուող փտածութիւնը։
Եւ տակաւին Հայաստան–Արցախ-Սփիւռք եռեակի միասականութիւնն ու գործակցութիւնը դարձուց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գլխաւոր օրակարգն ու համայն հայութեան հզօրացման ոգեկան յենարանները։
Եւ հանգիտաբար Անթիլիասը վերածեց բոլորի՛ն, անխտի՛ր բոլորին հոգեւոր տան, ուր այլեւս բոլոր կարծրատիպերը քանդուած էին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը սփիւռքի հայութեան տունն էր, իսկ Արամ Վեհափառը՝ բոլորի հայրը։
Այս բոլորով Արամ Վեհափառ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Կիլիկեան աթոռը վերածեց հայ ժողովուրդի բաբախուն սրտին։ Հո՛ն համայն հայութիւնը իր մտահոգութիւններուն, կարիքներուն եւ փափաքներուն արձագանգը գտաւ, հոնկէ՛ առաւ իր ուժն ու ներշնչումը ու հո՛ն գտաւ իր խնդիրներուն լուծումը եւ իղձերուն իրականացման ուղին։ Երբ մեր ժողովուրդին սպառնացին ճգնաժամային պահեր՝ պահանջելով խելացի ու հաւասարակշռուած որոշում, բոլորի հայեացքները սեւեռուեցան Անթիլիասին՝ Սփիւռքի այս հոգեւոր կեդրոնին վրայ Արամ վեհափառին, հաշտ, արդար ու հաւասարակշռուած որոշում կայացնելու համար։
Այս բոլորով նուաճեց սրտերը ամէնքի հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, մեծին ու փոքրին, ա՛յս կողմին ու ա՛յն կողմին եւ արդարօրէն նուաճեց համայն Սփիւռքի տէրը ըլլալու անժխտելի հանգամանքը։
Արամ Ա. Վեհափառ բազմաշնորհ տաղանդով, բազմաբովանդակ գործունէութեամբ Հայ եկեղեցւոյ բազմավաստակ աշխատանքի հերոս մըն է։
Իր կերպարը կը ներշնչէ ու կը խանդավառէ յատկապէս միջազգային յարաբերութիւններու մէջ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական գործակցութեան, մշակութային գործունէութեան ու հայ եկեղեցին վերանորոգելու գծով հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդներուն, որոնք հայ եկեղեցւոյ ծառայութիւնը պիտի ընեն իրենց կեանքի նպատակը։
Իսկ ի՛նք իր ներշնչումն ու ուժականութիւնը առա՛ւ հայ եկեղեցւոյ մեծ երախտաւորներէն եւ գօտեպնդուած անոնց ոգիով՝
-Խրիմեան հայրիկի թղթէ շերեփը ձեւաւորեց Սիսի Կաթողիկոսութեան ազգապատկան կալուածներու պահանջի հայցով։
-Գարեգին Յովսէփեանցի արիութիւնը՝ իր քաջութեամբ, գիտական բանասիրական միտքը արտայայտեց անխոնջ գրական վաստակով՝ հայ եկեղեցին մերձեցնելով ժողովուրդին եւ հասնող սերունդներուն տալով մեկնութեանց բանալին։
-Սահակ Կաթողիկոսի ժողովրդականութիւնն ու անմիջականութիւնը նախաձեռնելու, կազմակերպելու եւ ըլլալու ժողովուրդին հետ զինք դարձուցին մասնակից ժողովուրդի ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն։
-Խորէն Կաթողիկոսի շինարարական ոգիով ճարտարպետեց ազգային յիշողութիւնը վառ պահող կոթողներ։
-Եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի Անթիլիաս – Էջմիածին բացած ճանապարհով հարթեց ու կարգաւորեց գործակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ երկու Աթոռներուն միջեւ՝ փակելով ընդմիշտ հայ եկեղեցւոյ երկփեղկումին տխուր էջերը եւ կամրջելով ազգային միասնականութիւնը։
Վեհափառ Տէ՛ր,
Թող ներեն ինծի կիլիկեան հայրերը, եթէ հայ եկեղեցւոյ կոթողային ճիգերուն մէջ Ձեր թափած քրտինքին պարտքը ես ըլլամ հատուցողը, եւ, ի հարկէ, միամտութիւն պիտի ըլլար այստեղ արժեւորել Ձեր պատկառելի աւանդը։ Այս պարզ ու համեստ տողերուն մէջ խտացուած ճշմարտութիւնները վկայեցին ու պիտի վկայեն տակաւին ապագային Կիլկիեան աթոռին հոգեկան վերելքի պահերը, անոր յուզումներն ու տագնապները եւ այդ ճիգին հսկայական երախտիքին առջեւ սա՛ պահուն ակնածանքով կը խոնարհինք եւ մեր սիրոյ անխառն զգացումներով կ’ըսենք՝ «պատիւն արժանաւորաց օրհնութեամբ եղիցի»։
Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը, Ձեր յիսնամեայ հոգեւոր պատկառելի վաստակով՝ յագեցած կրօնական ծառայութեամբ, լիացած գրական մտաւորական եւ մշակութային նուաճումներով, խորացած միջազգային յարաբերութիւններով, կամարուած հայ եկեղեցւոյ միութեամբ եւ հարստացած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խոյանքով կը պսակէ ձեր ճակատը կաթողիկոսական ոսկեզօծ խոյրով, արձանագրելով հայ ժողովուրդի պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ՝ «Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան փառքն ու հայ ժողովուրդի յաղթանակող ոգիին խորհրդանիշը»:
Արեւշատութիւն եւ բարի՜ երթ դէպի լուսաշող ապագայ, սիրելի՛ Վեհափառ, ի պայծառութիւն եւ անսասանելիութիւն Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին։
Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան
9 Յունիս 2018
Պիքֆայա