Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՌԱԿ-ի երախտաւորները – Յովհաննէս Յակոբեան Վան 1876 – Երեւան 1938

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Երախտաւոր Յակոբեան ծնած է Վան 1876-ին: Նախնական ուսումը առնելով ծննդավայրին մէջ, ան պատանի տարիքէն արդէն հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Վանի մէջ կազմաւորուող Արմենական կազմակերպութեան գործունէութեան։ 1893-ին կը մեկնի Էջմիածին, Գէորգեան Ճեմարանէն ներս հետեւելու բարձրագոյն կրթութեան ու աւարտելէ ետք 1897-ին, որպէս մանկավարժ կը հրաւիրուի Թաւրիզ, ուր քանի մը տարի մնալէ ետք կ’որոշէ Միացեալ Նահանգներ մեկնիլ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը։ 1901-ին կու գայ Ուիսքանսըն նահանգ, ուր կ’ընդունուի որպէս պատմագիտութեան ուսանող՝ մասնագիտանալով ու ստանալով դասախօսի կոչում իր պատրաստած եւ ներկայացուցած «Հայերուն եւ ֆրանքներուն յարաբերութիւնները Լեւոն Բ.-ի իշխանութեան օրօք» թէզով 1904-ին։

1905-ին կու գայ Նիւ Եորք ու իր մանկավարժական զբաղումին կողքին շուրջ երկու տարի կը հրատարակէ «Արաքս» ամսագիրը, ուր Յակոբեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէր Վարդ Շահէն ծածկանունով՝ ստորագրելով պատմա-բանասիրական հայրենաշունչ յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ։

1907-ին կ’անցնի Պոսթոն, շուրջ տարուան մը համար խմբագրելու «Ձայն Հայրենեաց» պաշտօնաթերթը, որ հետագային պիտի դառնար ՌԱԿ-ի խօսափող՝ «Պայքար» օրաթերթը (1922)։

1908-ին Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք կը մեկնի Պոլիս, ուր կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն։ Պոլսոյ հայկական գաղութը իր կազմաւորուած համայնքով, դարձած էր ազգային եռուզեռի կեդրոն մը, ուր Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնն ալ կը գործէր իր կառոյցներով։ Գաղափարական հակումով Յակոբեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ ռամկավար շրջանակի կազմաւորման մէջ՝ մօտէն գործակցելով ծանօթ բանասէր եւ առաջնորդ Տիրան Քելեկեանի հետ։ Պոլսոյ մէջ կը դառնայ նաեւ թղթակիցը «New York Daily Post» թերթին։

Պոլիս կեցութեան շրջանին, որպէս բանասէր-պատմագէտ Յակոբեանի կ’առաջարկուի պատրաստել «Ազգերու պատմութիւն» ուսումնասիրութիւնը, որ ծրագրուած էր հրատարակել 10 ամբողջական հատորներով։

1911-ին Պոլսոյ մէջ կը գումարուի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Ա. Ընդհ. պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցի Յակոբեան, մօտէն ծանօթանալով ատենոյ ռամկավար ղեկավարութեան՝ Տամատեանի, Թէքէեանի, Տաղաւարեանի եւ այլ երախտաւորներու։ Տարուան աւարտէն առաջ միացեալ ընկերակցութեան տնօրէն յանձնաժողովի անդամի հանգամանքով կը մեկնի Եգիպտոս՝ հոն ալ կազմակերպելով կրթական կեանքը եգիպտահայ գաղութին ու շարունակելով իրեն առաջարկուած ուսումնասիրութեան աշխատանքը, որուն առաջին երեք հատորները ամբողջացուցած էր Պոլիս գտնուած շրջանին։

1913-ին կուսակցական առաքելութեամբ կը մեկնի իր ծննդավայրը Վան, ուր կը հիմնէ մանկավարժապետանոց մը։ Իսկ կրթական այլ ծրագրով կ’անցնի Ռումանիա, ապա Ռուսաստան, ուր պիտի մնար Համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարիներուն։

Յակոբեան Ռուսաստան գտնուած շրջանին կը պարապի ուսումնասիրութիւններ կատարելով մանաւանդ թուրք եւ գերման յարաբերութիւններուն մասին։ Իր յաճախակի այցելութիւնները դէպի Հիւսիսային Կովկաս եւ ապա Թիֆլիս, կը նպաստեն հոն հաստատուած վանեցի գաղթականներուն, որոնց մէջ կային իր հարազատներէն շատեր, որոնք լքած էին Վանը 1915 Սեպտեմբերին, ցարական Ռուսիոյ բանակի նահանջէն ետք։

Ռամկավար Կուսակցութեան «Վան-Տոսպ» պաշտօնաթերթն ալ սկսած էր վերահրատարակուիլ Թիֆլիսի մէջ, առաւելաբար Վանի նախկին քաղաքապետ Արտակ Դարբինեանի ուժերով։ Յակոբեան յաճախակի մասնակցութիւն կը բերէ պաշտօնաթերթին, ու Թիֆլիսի մէջ կը շարունակէ կուսակցական գործունէութիւնը։ Իր կատարած ուսումնասիրութեանց որպէս արդիւնք կը հրատարակէ երկու հատորներ՝ ա. «Գերման դաւը Կովկասի մէջ» եւ բ. «Թուրքիան գերման ճանկերուն մէջ»։

1918-ի աւարտէն առաջ կը վերադառնայ Պոլիս, ուր Համաշխարհային Ա. Պատերազմէն ետք, յարաբերական հանդարտութիւն մը կը տիրէր դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք։ Պոլսոյ երբեմնի հայաբոյր մթնոլորտն ալ հետզհետէ զարկ պիտի տար կրթական ու հասարակական եռուզեռին։

Երախտաւոր Յակոբեան Պոլսոյ մէջ դարձեալ իր բանասիրական աշխատանքը պիտի շարունակէր «Ազգերու պատմութիւն» հրատարակութեան ծրագրի յաջորդ հատորներու պատրաստութեամբ։

Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Պոլսոյ շրջանակն իր աշխուժացման գործընթացին մէջ էր ու 1919-ին «Ժողովուրդի ձայնը» որպէս քաղաքական եւ հասարակական օրաթերթ կը դառնայ ռամկավար պաշտօնաթերթը Պոլսոյ շրջանակին։

Պատկառելի այս խօսափողը շուրջ երկու տարուայ իր հրատարակութեան ընթացքին կ’ունենայ առաջնորդ գործիչներ՝ Վահան Թէքէեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Դոկտ. Յակոբ Թօփճեան, Վահան Միրաքենց եւ, անշո՛ւշտ, Յովհաննէս Յակոբեանը։

Այս շրջանին կարեւոր զարգացումներ կը խմորուէին մանաւանդ Պոլսոյ մէջ, երբ ռամկավար եւ ազատական հոսանքները սկսած էին իրենց խորհրդակցական հանդիպումներուն։ Յովհաննէս Յակոբեանի դերը մեծ եղաւ այս հանդիպումներուն ընթացքին կազմաւորելու կուսակցական կառոյցները ու պատրաստուելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադիր ժողովին Պոլսոյ մէջ 1 Հոկտեմբեր 1921-ին։

1922-ին հրաւէր կը ստանայ տեղափոխուիլ Գահիրէ, ուր կը ստանձնէ խմբագրութիւնը «Արեւ» օրաթերթին, դառնալով երրորդ խմբագիրը Վահան Թէքէեանէն եւ Միքայէլ Կիւրճեանէն ետք («Արեւ» օրաթերթը կը հանդիսանայ երկրորդ ամենաերկար հրատարակուող պաշտօնաթերթը սփիւռքահայ մամուլին՝ 103 տարեկան)։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շրջանակը իր «Արեւ» պաշտօնաթերթով, կարեւոր դեր մը ստանձնած էր միջին արեւելեան գաղութներուն համար 1920-ական թուականներուն, մանաւանդ Կիլիկիոյ պարպումէն ու Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք։ Խմբագրի պաշտօնով, Յակոբեան յաճախ կը հրաւիրուէր դասախօսութիւններ տալու, ինչպէս նաեւ իր փորձառութեամբ նպաստելու եգիպտահայ կրթական ծրագիրներուն։

1927-ին հրաւէրով Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան, ընտանիքով կը տեղափոխուի Երեւան, ստանձնելու Մելգոնեան ֆոնտի պատասխանատու քարտուղարի պաշտօնը նպաստելու զանազան հայրենաշէն ծրագիրներու։ Յակոբեանի կ’առաջարկուի միեւնոյն ատեն դասաւանդելու Մերձաւոր Արեւելքի պատմութիւն՝ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս։

«Խորհրդային Հայաստան» հատորը կը դառնայ Յակոբեանի հրատարակութիւնը հայրենիքի մէջ, որ յատուկ կը պատրաստէ Հայաստանի այդ տարիներու նուաճումները, ներկայացնելու սփիւռքի համայնքներուն։

Երեւանի մէջ երախտաւորին հիմնական առաջին ծրագիրը կը դառնայ Մելգոնեան ֆոնտի միջոցով կառուցել Ալ. Միասնիկեանի անուան հանրային գրադարանի շէնքը, ներկայիս՝ Հայաստանի Ազգային գրադարան։ Կարեւոր ներդրում մը կ’ըլլայ նաեւ իր կողմէ, Մելգոնեան ֆոնտի միջոցաւ հիմնել Պետական համալսարանին տպարանը, արտասահմանէն բերելով մեքենական սարքեր, թուղթի եւ մելանի հսկայ քանակութեամբ պահեստ։ Աւելի ուշ՝ 1930-ին կ՚իրականացնէ համալսարանը օժտելու աստղադիտարանով, դարձեալ Մելգոնեան ֆոնտի նպաստով։

Յակոբեան Երեւան հաստատուելէ ետք, իր պաշտօններուն կողքին, լծուած էր ուսումնասիրելու արխիւային նիւթեր ու յաճախ կը ճամբորդէր Խորհրդային Հայաստանի զանազան մարզերը ու մանաւանդ կանգուն մնացած վանքերը, որոնելու ԺԳ.-ԺԹ. դարերուն Հայաստան այցելած օտար ճանապարհորդներու արձանագրութիւնները՝ Հայկական Լեռնաշխարհին ու հայ ժողովուրդի մասին։ Հակառակ այդ ձեռագիրներու անկանոն վիճակին, Յակոբեան կարելի կը դարձնէ զանոնք ամփոփել ու հրատարակել զոյգ հատորներու մէջ «Ուղեգրութիւններ» խորագրով։

Երախտաւորը, հակառակ իր հայրենաշէն առաքելութեան միջոցաւ նպաստելուն վերականգնած հայրենի պետութեան, եղերական վախճանով մը պիտի գնդակահարուէր 1938-ին Երեւանի մէջ՝ զոհը դառնալով ազգային ու հայրենասէր այլ գործիչներու եւ մտաւորականներու նման, Բերիա կոչեցեալ գազանի մը ազգաջինջ ծրագրին։

62 գարուններ բոլորած վանեցի երախտաւորը, որպէս բանասէր, պատմագէտ ու խմբագիր միշտ ալ յարգուած պիտի մնայ Մեծ Երազի ճամբան կերտողներուն շարքին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին