ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան՝ Փարիզի ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանին նուիրուած ձեռնարկին աւարտին‚ որ տեղի ունեցաւ 1 Յունիս 2018-ին‚ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ‚ եւ օգտուելով Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ ատենապետ Պրն. Պերճ Թէրզեանի ներկայութենէն‚ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեծարանքի բաժին մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ ՀԲԸՄ Եգիպտոսի երկարամեայ ղեկավար, մտաւորական, ազգային գործիչ Պերճ Թերզեանին:
Ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ ապրող մտաւորականներու փաղանգին մաս կը կազմէ Պերճ Թերզեանը: Եգիպտահայ համայնքի մերօրեայ նահապետներէն՝ Պերճ Թերզեանի ազգային եւ միութենական գործունէութեան առանցքը կազմած է հայ դիմագիծը անաղարտ պահելու, հայ գիրն ու գիրքը, հայեցի դաստիարակութիւնը եւ Միութեան ու հայրենիքի ծառայութեան ոգին վառ պահելու նախանձախնդրութիւնը։
ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահէքեան բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ մտաւորական Կարօ Աբրահամեանը ներկայացնելու օրուան մեծարեալը:
Կարօ Աբրահամեան յայտնեց, թէ Հայկազեան Համալսարանի կազմակերպած «Եգիպտոսի‚ Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը» խորագրեալ գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Գահիրէէն ժամանած է ՀԲԸՄ-ի երկարամեայ ղեկավար դէմքերէն՝ հրապարակախօս‚ հրապարակագիր‚ խմբագիր եւ հեղինակ Պրն. Պերճ Թերզեանը։
«Պրն. Թէրզեանի միութենական երախտաշատ վաստակը շատ երկար է թուելու համար»,- ըսաւ Կարօ Աբրահամեան՝ ընդգծելով, որ Պերճ Թերզեան աւելի քան յիսուն տարի անդամակցած է Եգիպտոսի ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովին՝ սկսելով իբրեւ խորհդական‚ միութեան պաշտօնաթերթերու խմբագրութիւններու խորհրդատու‚ գանձապահ‚ փոխատենապետ‚ հուսկ ատենապետ եւ ապա պատուոյ ատենապետ: Առաւել ան անդամակցած է ՀՄԸՄ Նուպար մարզարանի եւ ազգային առաջնորդարանի վարչութիւններուն։
Ապա ան ծանրացաւ Պերճ Թերզեանի մտաւորականի վաստակին վրայ՝ նշելով, թէ, անկախ իր հրապարակագրական եւ խմբագրական վաստակէն Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին‚ միութենական «Տեղեկատու» պարբերաթերթին‚ «Արեւ» արաբերէն յաւելուածին եւ «Արեգ» արաբերէն պարբերաթերթին‚ ան հեղինակած է հետեւեալ հատորները.
2008 – Եգիպտահայ Հայեացքներ. Պատմութեան‚ Քաղաքականութեան եւ Մշակութային Ժառանգութեան Մասին (արաբերէն)
2009 – Ինչպէ՞ս Տօնուեցաւ Հայ Պարբերական Մամուլի 200-Ամեակը Գահիրէի Մէջ
2010 – Անտեղի Պատիւի Մը Շռայլման Առիթով Ակադեմիկոս Գէորգ Ջահուկեանի «Հայերէն Ստուգաբանական Բառարան»ին Լոյս Ընծայումին Առիթով
2010 – Յետադարձ Անդրադարձ Յօդուածներու‚ Ելոյթներու‚ Հարցազրոյցներու Եւ Ուսումնասիրութեան Ժողովածու
2011 – (համադրում) Յետադարձ Անդրադարձ. Գրախօսականներ
2011 – Տեղեկագիր Գալուստեան եւ Նուպարեան Վարժարաններու 1989-ին
Վաւերացուած Կանոնագիրներուն Մասին
2012 – Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի Սաթենիկ Չագըր Հիմնադրամի Հրատարակչական
Գործունէութիւնը
Հայ Գիրքի Տպագրութեան 500-ամեակին Առթիւ
2012 – ՀՀ Եգիպտոսի Դեսպանատան Ծննդոցը.
Ակնարկ Քսանամեայ Հեռաւորութենէ
2014 – «Արեւ»ի Արաբերէն Ամսօրեայ Յաւելուածը
2014 – Պատասխան Առ Որ Անկ Է.
«Արեւ»ի 24 Յունիս 2014-իթիւինմէջԿ.Ե.ի«Արեւ»իԱրաբերէնԱմսօրեայ
Յաւելուածը խորագրով լոյս տեսած յօդուածին առիթով
2014 – (համահեղինակութեամբ Արաքսի Տէօվլէթեանի)
«Սպիտակի երկրաշարժը‚ Եգիպտոսի ՀԲԸՄ»-ը եւ Եգիպտոսի համայնքը
2015 – Սրտցաւ Կոչ Հայոց Լեզուին Համար
2016 – (համադրում) Տիգրան Պապիկեան. Դաստիարակ-Տնօրէն. 1908-1975
2017 – Գահիրէի Համալսարանի Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը
«Պերճ Թէրզեանը ըսելիք խօսք ունեցող‚ յստակ կեցուածք որդեգրած մտաւորականի բարձրութեան վրայ գտնուող եւ վճիտ հայերէնով գրելու յատկանիշներով օժտուած ազգային ղեկավարն է։ Լրագրողի հոտառութեամբ‚ իրաւ մտաւորականի անաչառութեամբ եւ հաւատարիմ վարչականի ուղղամտութեամբ ան‚ սեւով ճերմակին վրայ‚ հետեւողականօրէն կը ներկայացնէ եգիպտահայ իրականութեան հաշուետուութիւնը վարժարաններու տեղեկագիրերէն‚ մինչեւ Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ հրատարակութիւնները‚ մինչեւ Գահիրէի ՀՀ-ի դեսպանատան բացումը‚ մինչեւ Գահիրէի համալսարանի հայագիտական կեդրոնի բացումը եւ գործունէութինը։ Ինչ որ առաւել կը զարմացնէ եւ հիացմունք կը պատճառէ‚ Պերճ Թերզեանի կարողութիւնն է մաքրամաքուր ոսկեղէնիկով գրի առած վիճակագրական եւ տեղեկագրական յօդուածները եւ հատորները ազգային բոլոր բնագաւառներէն ներս‚ կրթական հաստատութիւններէն մինչեւ արեւմտահայերէնի ապագային առնչուող հարցեր», եզրակացուց Կարօ Աբրահամեան։
Ապա ան հրաւիրեց ՀԵԸ-իԿեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը՝ յուշանուէրով մը պատուելու հայ դպրութեան երախտաւոր Պերճ Թերզեանը։
Պարգեւատրութեան յաջորդեց պատշաճ հիւրասիրութիւն մը:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ