Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Շնորհաւորագիր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ

Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Անթիլիաս, Լիբանան

Վեհափառ Տէր,

Ի խորոց սրտի կը շնորհաւորենք ազգային-կրօնական խորանին Ձեր ծառայութեան առաքելութեան նուիրումին 50-ամեակը:

Այս առիթով Ձեզի կը մաղթենք  կեանքի արեւշատ օրեր, հաստատակամութիւն եւ անսասանութիւն Ձերդ Սրբութեան հովուապետական ծառայութեան ու ազգային սրբազան առաքելութեան մէջ:

Նման առաքելութեան մը յիսնամեակը տօնելը, ըստ մեր գիտակցութեան, եզակի երեւոյթ է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին համար, ինչպէս Ձերդ սրբութիւնը եզակի երեւոյթ է իր առաքելութեան ամբողջ շրջանին, ըլլայ այդ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու զարգացման գծով կամ որպէս լիբանանահայ համայնքի առաջնորդ թէ ազգային գերագոյն պահանջատիրութեան առաջնաճակատին վրայ հեղինակաւոր անձնաւորութիւն եւ թէ որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Այսօր երբ հայ ազգն ու եկեղեցին կանգնած են տարբեր մարտահրաւէրներու առջեւ, Ձեր սրբութեան պատնէշի վրայ ըլլալու հանգամանքը երաշխիք մըն է մեզի, որուն հանդէպ ունինք բացարձակ յարգանք ու գնահատանք:

Վեհափա՛ռ Տէր,

Մեր մաղթանքն է, որ Ամենակալ Տէրը Ձերդ սրբութիւնը մշտապէս պահէ բարեզարդ շնորհներու մէջ, Ան պարգեւէ Ձեզ մարմնի եւ հոգիի առողջութիւն իբրև քաջ, բարի եւ տեսլապաշտ հովիւ ի փառս Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին ու ազգին Հայոց:

Որդիական Սիրով՝

Ի ԴԻՄԱՑ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                         Սերխիօ Նահապետեան

Ատենադպիր                                  Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին