Միհրան Մայք Քիւթնէրեան ծնած է 6 Մարտ 1944-ին Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) Սարգիս եւ Անժէլ Քիւթնէրեաններու յարկին տակ: 19 տարեկանին ընտանեօք կը տեղափոխուին Հայաստան: Այնուհետեւ որոշ շրջան մը կ’ապրի Ռուսիա, ապա ընտանեօք կը մեկնին Ֆրեզնօ 4 Օգոստոս 1977-ին: Ֆրեզնօ հաստատուելէ ետք անյապաղ կը ներգրաւուի գործնական կեանքի մէջ: Ան կը սկսի աշխատիլ հանրածանօթ Քակլիա ընտանիքի ելեկտրաշարժիչներու վաճառախանութը: Այդտեղ աշխատած ժամանակահատուածին կը յաջողի բարեկամական սերտ յարաբերութիւններ հաստատել այդ ընտանիքին հետ, որ կը շարունակուի մինչեւ իր մահը:
1982-ին իր եղբօրը՝ Վրէժին հետ համատեղ ի գործ կը դնեն ուտեստեղենի սպասարկման ծառայութիւնը, որ 36 տարի ետք տակաւին կը շարունակէ գործել: Սոյն գործարքի բարելաւման հետ ընկ. Միհրանը անշարժ կալուածքի բնագաւառէն ներս կը սկսի լուրջ ներդրում կատարել Վրէժին եւ իր միւս եղբօրը՝ Յովհաննէսին հետ: Ընկ. Միհրանի յաջողութեան գրաւականը աներկբայօրէն կ’ըլլան լաւագոյնին հասնելու իր վճռակամութիւնը, ինչպէս նաեւ տքնաջան ու հետեւողական աշխատանքը: Ան երբեք չընկրկեցաւ ձախողութիւններու դիմաց: Ընկ. Միհրանը իրաւամբ կարելի է ինքնաշխատ անհատականութիւն մը համարել, որ իր յաջողութիւններուն համար պարտական է միայն իր սեփական կամքի ուժին:
Յաջողութեան դռները բանալով ընկ. Միհրան միաժամանակ եւ մեծահոգօրէն անհրաժեշտ պայմաններ կը ստեղծէ սկսնակ գործարարներու համար: Ան գործնականապէս կ’օգնէ նիւթական անբարենպաստ պայմաններով տակաւին նոր Ֆրեզնօ հաստատուած եւ անգլերէնի իմացութիւն չունեցող անձանց, որպէսզի դիւրաւ հասնին իրենց փայփայած «ամերիկեան երազին»:
Տարիներու ընթացքին ընկ. Միհրան գործուն մասնակցութիւն կը բերէ հայ քաղաքական եւ մշակութային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու մէջ: Անմնացորդ նուիրուածութիւն կը ցուցաբերէ հայկական մշակոյթին հանդէպ՝ իր կեանքի մեծ մասը նուիրելով հայ արժէքներու պահպանման եւ բարելաւման վսեմ գործին: Ան կ’ըլլայ գործակից անդամ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ Ֆրեզնոյի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախագահ: Ան, ի միջի այլոց, հաւատաւոր զօրակիցն էր ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթերէն՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթին, որ սկսած է լոյս տեսնել Ֆրեզնօ 96 տարի առաջ 1922-ին:
Անողոք քաղցկեղի դէմ եօթը տարի մաքառելէ ետք, որոնցմէ վերջին երկու տարին բաւական դժուար էին, Միհրան իր մահկանացուն կնքեց 7 Յունիս 2018-ին իր բնակարանին մէջ՝ շրջապատուած սիրելիներով եւ հարազատներով:
Ընկեր Միհրանի մահը գուժեցին իր սիրելի կողակիցը՝ Նելլին, եղբայրները՝ Յովհաննէսն ու Վրէժը, զաւակները՝ Սարգիսը, Ֆլորան եւ Արմանը, ինչպէս նաեւ ութ թոռնիկներն ու բարեկամները եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:
Ընկ. Միհրան Քիւթնէրեան ընդմիշտ պիտի յիշուի այն բազմաթիւ անձանց կողմէ, որոնց կեանքին վրայ բարերար ազդեցութիւն ունեցած է: Իր մահը մեծ կորուստ է հայ համայնքին համար:
«Զ.»