Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

ԿՈՉ – Հայ Եկեղեցուոյ Մէջ Ծագած Տագնապներ Փողոցին Մէջ Չէ, որ Կը Լուծուին Այլ Կրօնական Հաստատութեան Երդիկին Տակ

Սիրելի Հայորդիներ ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի  Սփիւռս Աշխարհի,

Բոլորիս ալ յայտնի են, Հայ ժողովուրդի պատմութեան թէ՛ խաղաղ եւ թէ՛ աւելի յաճախ արիւնով շաղախուած՝ պատերազմներով ու տառապանքով լեցուն տխուր էջերը: Քանի անգամներ աւերուած եւ կրկին մոխիրներու տակէն Փիւնիկի նման վերակենդանացած են մեր շէն քաղաքներն ու եկեղեցիները, ասոնց շարքին նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռը:

Ծանր եղած է մեր ժողովուրդին ընթացքը մարդկային  պատմութեան մէջ, սակայն երբեք լքուած չենք Աստուծոյ եւ Իր հիմնադրած Եկեղեցիին կողմէ: Հայ Եկեղեցին եւ յատկապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը միշտ իր հոգատար կամարներուն տակ հաւաքած է հոգածութեան կարօտ իր հօտը: Հայ հոգեւորականը միշտ առաջնորդած է իր հօտը թէ՛ գոյամարտերու պահուն եւ թէ՛ կեանքի առօրեային մէջ: Հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը, լեզուն ու մշակոյթը պահպանուած է Հայ եկեղեցուոյ եւ  անոր  նուիրեալներուն շնորհիւ: Մինչեւ այսօր  Եկեղեցին կը հանդիսանայ այն սրբազան հաւաքատեղին, որ կը միաւորէ եւ  հայ կը պահէ աշխարհասփիւռ իր զաւակները:

Մայր աթոռին գահակալները Հայ եկեղեցին կը մարմնաւորեն ու կը միանան անոր հետ: Հետեւաբար հակառակ իրենց մարդկային սխալական էութեան կարելի չէ արատաւորել կամ ոտնակոխել անոնց հանգամանքն ու  դիրքը:

Արդ, այսօր,  Մայր Աթոռի գահակալին դէմ շղթայազերծուած պայքարը, ոչ միայն կ՛արատաւորէ անոր անձը, այլ նաեւ Հայ եկեղեցին ու բաժանումներ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն շարքերուն մէջ:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին հաւատալով Մայր Աթոռին դերին, անվերապահ դրօշակակակիրը եղած է անոր  ու նուիրեալ ջահակիրը անոր առաքելութեան Սուրբ ճամբուն:

ՌԱԿ-ի համար անհանդուրժելի է այսօր փողոցին մէջ սկիզբ առած Մայր Աթոռին հեղինակութեան վնաս հասցնող շարժումը, որ Հայ ժողովուրդին արժէքային համակարգին համար օտար է:

ՌԱԿ կը հաւատայ, որ Հայ Եկեղեցուոյ Հայրապետին ընտրութիւնն ու անոր ճակատագրին տնօրինումը կը վերաբերի միայն ու միայն կրօնական հաստատութեան ու անոր հովանիին տակ գործող մարմիններուն իրեն յատուկ ծէսով ու ընթացակարգով:

Հետեւաբար, Հայ եկեղեցուոյ մէջ ծագած տագնապներ, մենք կը հաւատանք, որ փողոցին մէջ չէ, որ կը լուծուին այլ կրօնական հաստատութեան երդիկին տակ: Նման տագնապներ փողոց փոխադրելու դժբախտ փորձը ունի Հայ Ժողովուրդը իր հեռաւոր, թէ մօտակայ անցեալի  պատմութեան մէջ, որոնց յիշատակումն անգամ կ՛ընդվզեցնէ ու կը մտահոգէ իւրաքանչիւր Հայորդի:

Ներկայ տագնապին շրջանցումը ու անոր բարւոք լուծումը կը կարօտի հաւաքական ճիգի ու փոխադարձ հանդուրժողականութեան ու պատասխանատուութեան գիտակցութեան, որպէսզի անխախտ պահուի Մայր Աթոռի եւ Լուսաւորչակերտ Հայ եկեղեցուոյ հիմքերը:

 Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան                                                                   Սերխիօ Նահապետեան

          Ատենադպիր                                                                                        Ատենապետ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին