*ԱՐՄԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Անմիջականօրէն այս նիւթին, թէ նմանատիպ նիւթերու վերաբերող քննադատութիւնները կը շատնան, որոնք շատ յաճախ տեղին են դժբախտաբար:
Ատենն է, որ նամանաւանդ հայրենիքի պարագային հապճեպ կազմակերպուած ու շատ յաճախ կազմակերպուելու սիրոյն տեղի ունեցող միջոցառումները լաւապէս ուսումնասիրուին:
Տարբեր տեսակէտներ ալ վստահաբար կան:
Հիմնուելով ազատ խօսքի մեր դաւանանքին վրայ, բնականաբար տեղ կու տանք հետեւեալ յօդուածին, բեմը բաց ձգելով այլ տեսակէտներու եւս:
«Խմբ.»
Կը փորձեմ հասկնալ կամ կ’ուզեմ գիտնալ, թէ ի՛նչպէս կարելի է ընդամէնը մէկ օրուան մէջ կամ աւելի ճիշդը՝ մի քանի ժամուան ընթացքին գիտաժողով ունենալ պատմա-քաղաքական կարեւոր նիւթի մը շուրջ՝ յայտարարած ընդհանուր օրակարգի սահմաններուն մէջ։ Խօսքս կը վերաբերի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած՝ Մայիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ, որուն մասնակցած էին Հայաստանէն եւ արտասահմանէն հայ եւ օտար հրաւիրեալներ։
Նախ կ’ուզեմ հաստատել, որ ես անձնական եւ ընդհանրապէս ոչ մէկ հարց ունիմ նշուած միջոցառման կազմակերպիչներուն հետ։ Անոնք Հայաստանի գիտական կեդրոններն են, որոնք եղած հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը փորձեն առաւելագոյնը իրագործել։ Նշուած միջոցառումը միայն մէկ օրինակ մըն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարբեր համայնքներուն մէջ տեղի ունեցող նմանօրինակ գիտաժողովներու, որոնք նոյնպէս քննադատելի են միեւնոյն թերութեան պատճառով։
Վերադառնանք մեր օրինակին՝ «Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն 100» գիտաժողովին։ Առաջին հերթին, օրակարգը… Գոնէ լրատուները չէին ներկայացուցած օրակարգի կէտերը, բայց ընթերցողը իմացաւ, որ քննարկուող հարցը Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանի քաղաքական իրավիճակն էր, մշակութային կեանքը, արտաքին քաղաքականութիւնն ու հարեւան Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները, կրթական եւ գիտական ձեռքբերումները, ԱՄՆ-ի՝ ժամանակի հայ մամուլի անդրադարձը հայաստանեան իրադարձութիւններուն, արխիւային փաստեր եւ ուրիշ տեղեկութիւններ, իսկ աւարտին՝ այս ամէնուն լոյսին տակ՝ պատմութեան դասերը, որոնք պէտք է նկատի առնուին մեր օրերուն։ Աւելցնեմ, որ ելոյթ ունեցողներէն ամէն մէկը շօշափեց առանձին նիւթ։ Քննարկուող հարցերը կապ չունէին մէկը միւսին հետ։ Ելոյթ ունեցան 15 հոգի եւ «ուրիշներ»․ բոլորին անունները չկրցայ գտնել ինծի հասու լրատուներուն դիմելով։ Իսկ գիտաժողովէն ետք նոյն օրը տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս եւ հիւրասիրութիւն։
Ինչպէս որ «գիտաժողովի» խորագիրն ու օրակարգը ընդհանուր էր, այնպէս ալ ելոյթները ընդհանուր էին։ Ոմանք ողջոյնի խօսքով ընդհանրախօսութիւններ ունեցան, մի քանի հոգիի ելոյթը սահմանափակուեցաւ բաղձանքներով եւ լաւ ցանկութիւններով՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութենէն դասեր քաղելու համար, կային մի քանի ելոյթներ, որոնք արդէն յոգնեցուցիչ կրկնութիւններ էին՝ բազմիցս նշուած տարբեր միջոցառումներու ժամանակ․ այդտեղ նորութիւն չկար։ Զիս հետաքրքրեց յատկապէս զեկոյց մը, որով անդրադարձ կատարուեցաւ ԱՄՆ-ի՝ ժամանակի հայկական թերթերուն մէջ առաջին հանրապետութեան լուրերը լուսաբանելուն ու փաստացի նշուեցաւ, թէ ԱՄՆ-ի հայ մամուլը մեծ տեղ չէր տար հայաստանեան լուրերուն ու եղած անդրադարձն ալ հպանցիկ էր։ Այս զեկոյցը ես նորութիւն կը համարեմ եւ նպատակային։
Որքանո՞վ կարելի է այս հանդիպումը գիտաժողով համարել։ Իմ պատասխանս բացասական է։ Միւս նկատելի երեւոյթը մասնակցողներն էին։ Անոնց մեծամասնութիւնը այն անձերն էին, որոնք արդէն մի քանի տասնամեակէ կան ու ներկայ են այսպիսի միջոցառումներու եւ երբեմնի գիտաժողովներուն։ Նոր դէմքեր քիչ էին։ Բայց զիս յատկապէս կը հետաքրքրէ «գիտաժողովի» արդիւնքը։ Ի՞նչ արդիւնք ունեցաւ ատիկա ընդհանրապէս։ Կ’արժէ՞ր արդեօք ժամ ու միջոցներ յատկացնել շատ բան չըսող եւ կրկնութիւններ թոյլ տուող այդպիսի հանդիպում կազմակերպելու համար։ Որ ի՞նչ։ Եւ ինչո՞ւ։ Իմ տպաւորութիւնս է, որ հայաստանեան գիտական ու մշակութային մի քանի կեդրոններ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակի նշման ձեռնարկներէն անմասն չմնալու համար նախաձեռնած էին այս հապճեպ «գիտաժողովը»։ Այդ մէկը չէր կրնար ծառայել իր նպատակին՝ օրակարգի ընդհանուր եւ անորոշ ըլլալուն պատճառով եւ այն ալ միայն զեկոյցներով ու քննարկումներ տեղի չունենալով։
Իմ պատկերացումս գիտաժողովներէն լրիւ ուրիշ է։ Իսկական գիտաժողովը կ’ենթադրէ յստակ եւ ՈՐՈՇ հարցի քննարկման ու եզրայանգման ուղղութեամբ միտքերու լայն փոխանակման առիթներ ստեղծել, իսկական գիտական քննարկումներ կատարել՝ հարց ու պատասխանի առիթներ տալով։ Իսկ Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած՝ նշած ծրագիրս չէր կրնար այդպիսին ըլլալ ոչ միայն օրակարգի առումով, այլեւ նոյն այդ ընդարձակ հարցի քննարկման համար նախատեսուած ժամանակի առումով՝ ընդամէնը մի քանի ժամ։
* * *
Մեծ աշխատանք կայ ընելու ճիշդ բովանդակութիւն հաղորդելու բառերուն կամ այսուհետեւ պէտք է իրերը իրենց ճիշդ անուններով կոչել։ Վերոնշեալ ծրագիրը կամ պիտի անուանէին հանդիպում եւ զրոյց, կամ եթէ իսկապէս նպատակ ունէին գիտաժողով կազմակերպելու, ամիսներ առաջ անոր մասին պէտք է տեղեակ պահէին ու կազմակերպչական աշխատանքները պէտք է սկսէին շատոնց։ Պէտք է յստակ ըլլային գիտաժողովի բոլոր մանրամասնութիւններն ու օրակարգի ՈՐՈՇ կէտերը, ինչպէս նաեւ ժամանակացոյցը։ Իսկ եզրակացութիւնները կամ արդիւնքը պէտք է տրամադրելի ըլլար առնչակից կառոյցներուն, պատասխանատուներուն ու հետաքրքրուող հանրութեան։ Այս ամէնը չպատահեցաւ նշած միջոցառումիս պարագային։
Եւ գիտէք ի՞նչ է վատը… Որ մասնակիցներէն ու ելոյթ ունեցողներէն շատերը Հայաստանի գիտական մի քանի կեդրոն կը տնօրինեն, ինչպէս եւ արտասահմանի հայկական համայնքներուն մէջ կրկնուող անուն եւ դէմք են։ Ժամանակն է վերանայիլ շատ բան՝ հիմնաւորուած կերպով եւ քայլ առ քայլ։ Պէտք գիտակցիլ, որ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ այսպէս աշխատիլ։
Առիթը օգտուելով ըսեմ նաեւ, որ ԿԱՐԵԼԻ Չէ անհարկի շահարկել «հռչակաւոր», «տաղանդաւոր», «մեծանուն», «հոյակապ» ու նմանատիպ բառեր՝ զանոնք վերագրելով միջակութեան ու անտաղանդին։ Բառերը իրենց իմաստը ունին ու պէտք չէ իմաստազրկուին այդ բառերը շողոքորթութիւններու ճամբուն վրայ։ Այս երեւոյթը առկայ է յատկապէս հայկական Սփիւռքի մէջ։ Շատ բան կը կորսնցնենք մեր մակերեսային դատումներով ու ոչինչ ըսող ծրագիրներով։ Գոնէ խղճանք մեր մայրենիին՝ բառերը իրենց ճիշդ իմաստով գործածելով։ Անոնց շարքին եւ առաջին հերթին՝ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ բառը։