Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

54 Միլիոն Տոլարի Օդանաւը

Ճէսի Տուբլանթիս աւետարանիչ մըն է, որ հեռատեսիլի իր քարոզներով կը տարածէ Աստուծոյ խօսքը։ Անոր աւետարանչական կեդրոնատեղին կը գտնուի Լուիզիանա նահանգի Տեսթրէհէն քաղաքին մէջ եւ աշխարհով մէկ իր հետեւորդներուն թիւը դիմատետրի (facebook) վրայ կը հասնի աւելի քան 700,000-ի։

Ճէսի Տուբլանթիս ունի երեք օդանաւեր, սակայն վերջերս ան իր հետեւորդներուն դիմած է որ չորրորդ օդանաւ մըն ալ առնեն իրեն համար, որպէսզի աւելի արագ հասնի իր հաւատացեալներուն, ուր որ ալ գտնուին անոնք։

Այսքանը շատ բարի, սակայն իր ուզած օդանաւը Falcon 7X տիպի օդանաւ մըն է (տես նկարը), որ կ’արժէ 54 միլիոն տոլար… Այդ օդանաւը ունի 14 աթոռներ եւ լոգանքի (shower) յատուկ սենեակ։

Աւելին, ան կ’ուզէ հաւատացնել իր հետեւորդները, թէ Աստուած ուզած է, որ ինք ունենայ չորրորդ օդանաւ մը՝ աւելի ատակութեամբ վարելու իր գործը։ Ան կը պատկանի այն խումբին, որ կը հաւատայ, թէ հարստութիւնը Աստուծոյ բարիքներէն է:

Երբ իրեն կ’ըսեն, թէ Յիսուս շատ համեստ էր, քանի որ ան ծնաւ ախոռի մը մէջ եւ հետագային Երուսաղէմ մտաւ՝ աւանակի մը վրայ նստած։ Ճէսի Տուբլանթիս ամբարտաւանօրէն կը պատասխանէ, որ եթէ Յիսուս ապրած ըլլար մեր օրերուն, ան վստահաբար պիտի գործածէր օտանաւ մը՝ իր առաքելութիւնը կատարելու…

Ա՛ռ քեզի արդարացուցիչ պատճառ օդանաւ մը եւս աւելցնելու իր աշխարհիկ ինչքերուն վրայ, որուն բացարձակապէս դէմ էր Յիսուս Քրիստոս։ Ան ըսաւ. «Ձգէ՛ ամէն ինչ եւ ետեւէս եկուր»:

Դժբախտաբար սակայն հարստութիւն դիզելու եւ աշխարհիկ ինչքերով շրջապատուելու այս հիւանդութիւնը համատարած է եւ նոյնիսկ վարակած է մեր հայ հոգեւորականները, ափսո՜ս։

Քաղաքի Մը Յուսահատ Վիճակը…

Միշիկըն նահանգի Սէյնթ Գլէր քաղաքը ունի 160,000 բնակիչ, որուն 18 տոկոսը միայն ունի համալսարանական ուսում։ Քաղաքի կառավարական մարդիկ նկատի առած են, որ իրենց բնակիչներէն շատեր, որոնք համալսարանական ուսում ստանալու համար կ’երթան այլուր, չեն վերադառնար տուն։

Յուսահատ այս վիճակէն՝ զանոնք քաջալերելու համար, որ վերադառնան իրենց ծննդավայրը, հետեւեալ ազդու քայլը ի գործ դրած են անոնք։ Հիմա թոյլ տուէք օրինակներով բացատրեմ։

Էրըն Սքինըր (տես նկարը) Ճորճիա նահանգի Աթլանթա քաղաքը գացած էր ուսանելու։ Ան իր chiropractic-ի վկայականը առնելէ ետք վերադարձաւ իր ծննդավայրը, որովհետեւ Սէյնթ Գլէր քաղաքի պատկան մարմինները իրեն խոստացան 15,000 տոլար վճարել, որպէսզի իր պարտքերը փակէ։

Քայլա Փարզինսքի եւս օգտուեցաւ նիւթական օժանդակութեան նոյն աղբիւրէն, երբ վերադարձաւ իր ծննդավայրը։ Ան իր ստացած 10,000 տոլարը պիտի գործածէ բնակարանի մը սեփականատէրը դառնալու։

Գիտենք, որ մարդիկ միշտ ցանկացած են բնակութիւն հաստատել մեծ քաղաքներու մէջ, որովհետեւ այդ տեղերու ընկերային-մշակութային կեանքը շատ աւելի ճոխ է եւ ընտրանքի կարելիութիւնը կայ հոն։ Մինչդեռ փոքր քաղաքները շատ աւելի մեկուսացած են եւ ինքնամփոփ։

Ուստի գէշ գաղափար մը չէ, որ փոքր քաղաքներու պետական իշխանութիւնները մտածեն եւ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերեն իրենց համալսարանական ուսման համար ուրիշ տեղ գացած բնակիչները տուն վերադարձնելու համար։ Այսպիսով, թէ՛ քաղաքը կ’օգտուի եւ թէ՛ ալ քաղաքացին, ինչպէս ամերիկեան ասացուածքը կ’ըսէ. «It’s a win-win situation»:

Արդեօք Հայաստանն ալ կը մտածէ՞ նմանօրինակ քայլ մը առնել միլիոններու հասնող իր քաղաքացիները ներգրաւելու եւ վերադարձնելու Մայր Հայրենիք…

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին