Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Ամերիկաբնակ Բարերարի Տրամադրած Գումարով Արցախի Գետաւան Գիւղին Մէջ Պիտի Կառուցուի Դպրոց, Հիւանդանոց Եւ Մանկապարտէզ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ ամերիկաբնակ բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանի նուիրաբերած գումարով Արցախի Մարտակերտի շրջանի Գետաւան գիւղին մէջ  կը կառուցուի հիւանդանոց, դպրոց եւ մանկապարտէզ:

Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ  հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան:

«Անդրանիկ Պաղտասարեանը մօտ մէկ ամիս առաջ Արցախ այցելութեան ընթացքին 1 մլն տոլար նուիրաբերելու խոստում  տուած է, սակայն այդ գումարը ծախսելու նախընտրութիւնը ձգած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանին»,- ըսաւ Վարդանեան:

Հիմնադրամը եւ Արցախի նախագահը որոշած են այդ գումարով Գետաւան գիւղին մէջ կառուցել դպրոց, հիւանդանոց եւ մանկապարտէզ

Անդրանիկ Պաղտասարեան 3 տարի առաջ եւս 5 մլն տոլար  նուիրաբերած էր: Այդ գումարը ուղղուած է Թալիշը ամբողջութեամբ վերակառուցելու գործին` «Թալիշի վերածնունդ» նախագիծի իրականացման:

Վարդանեան յոյս յայտնեց, որ նուիրատուութիւնները կ’աւելնան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին