Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» պոէմի էսթոներէն թարգմանութիւնը արդէն հասանելի է նաեւ Հայաստանի մէջ։ Էսթոնիոյ մէջ գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Յունուարին, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:
Թարգմանութեան հեղինակը էսթոնացի երաժիշտ, բեմադրիչ, սենարիստ Փեթըր Վոլքոնսքին է: Ան Նարեկացին բացայայտած է դեռ 40 տարի առաջ ու զարմացած, որ 10-րդ դարուն հայերը այսպիսի գրականութիւն ունեցած են:
Թարգմանութեան հեղինակը երկար տարիներ ուսումնասիրած է «Նարեկ»-ը աշխարհաբարով, անգլերէնով, ռուսերէնով, իսկ թարգմանութիւնը ամբողջացուցած է 6 տարուան ընթացքին: