ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը (գրադարան) հիմնուած է 1928-ին: ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը իր ուրոյն դիրքը կը գրաւէ սփիւռքի մէջ՝ իբրեւ հայագիտութեան, պատմագիտութեան եւ մշակութային կեդրոն: Ան կ’ընդգրկէ 19-րդ եւ 20-րդ դարերուն լոյս տեսած գիրքերու եւ մամուլի ճոխ հաւաքածոներ: Մատենադարանը հարուստ է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի վերաբերեալ արխիւներով:
Ուրբաթ, 1 Յունիս 2018-ի երկոյեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի մէջ, ի ներկայութիւն ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, ՀԵԸ-ի տարբեր միաւորներու վարչականներու, հիւրերու, մշակութասէր հասարակութեան, տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, ուր ֆրանսահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն՝ պատմաբան դոկտ. Պորիս Աճեմեան ներկայացուց ՀԲԸՄ-ի Փարիզի Նուպարեան մատենադարանը:
Յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան՝ ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ մանրամասնելով երեկոյի նպատակը:
Ապա Հայկազեան Համալսարանի հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց օրուան բանախօս Պորիս Աճեմեանը եւ հրաւիրեց զինք բեմ:
Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած գիտաժողովին առթիւ Լիբանան գտնուող դոկտ. Պորիս Աճեմեանը դոկտորականը պաշտպանած է 2011-ին՝ Նափոլիի Համալսարանին մէջ: Պատասխանատու խմբագիրն է «Études Arméniennes Contemporaines»-ին եւ խմբագրակազմի անդամ է «Vingtième Siècle: Revue d’histoire»-ի: Հեղինակն է «La Fanfare du Négus: les Arméniens en Éthiopie (19e-20e siècles)» հատորին (2013) եւ շարք մը այլ գիտական յօդուածներու: Համախմբագիրն է «Le Témoignage des Victimes dans la Connaissance des Violences de Masse/Victim Testimony» եւ «Understanding Mass Violence» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 5, June 2015 բացառիկ), ինչպէս նաեւ «Jerusalem in the Making: Spaces and Communities» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 9, September 2017 բացառիկ) բացառիկներուն:
Դոկտ. Պորիս Աճեմեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի Մշակութային Միութեան, սոյն հանդիպումը կազմակերպելու առիթով՝ նշելով, թէ վերջին հինգ տարիներուն ստանձնած է մատենադարանի տնօրէնի պարտականութիւնը:
Ապա ան կատարեց մատենադարանի հիմնադրութեան պատմականը՝ արժեւորելով 1928-ին Փարիզի մէջ սոյն կարեւոր մատենադարանը հիմնելու ՀԲԸՄ-ի նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի երախտաշատ որոշումը. «Երբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան առաջին նախագահ Պօղոս Նուպար փաշա դարձաւ Ազգային Պատուիրակութեան պետը, Բարեգործականի կեդրոնական գրասենեակը փոխադրուեցաւ Փարիզ: Կարճ ժամանակ ետք, 1922-ին Նուպար Փաշա եւ քանի մը հայ գործարարներ կառուցեցին Փարիզի 16-րդ թաղամասը գտնուող Ալպոնի փողոցի շէնքը: Մատենադարանն ալ հաստատուեցաւ նոյն շէնքին մէջ՝ Պօղոս Նուպարի որոշումով՝ 1928-ին»,- ըսաւ դոկտ. Պորիս Աճեմեան:
Դոկտ. Պորիս Աճեմեան լուսարձակի տակ առաւ մատենադարանի առաջին նախագահ, Մեծ Եղեռնէն վերապրած մտաւորական Արամ Անտոնեանի ծառայութիւնները:
Այսօրուան դրութեամբ, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի մատենադարանը ունի 43 հազար գիրք: Մատենադարանը գիրքի կողքին կը պահէ մամուլ, լուսանկարներ եւ զանազան արխիւներ՝ Արամ Անտոնեանի հաւաքածոն, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի, Ազգային Պատուիրակութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան արխիւները, ինչպէս նաեւ մամուլի արխիւ:
ՀԲԸՄ-ի Նուպարեան մատենադարանը ոչ միայն գրադարան է, այլեւ ազգային ժառանգութիւն եւ հետազօտութեան կեդրոն: 1980-ականներուն, մատենադարանը Յարութիւն Գէորգեանի շնորհիւ հայ իրականութեան մէջ ամրապնդած է իր գիտական եւ ակադեմական գործունէութիւնը: Այսօրուան դրութեամբ մատենադարանը բաց է հետազօտողներու, պատմաբաններու, մտաւորականներու եւ համաշխարհային հանրութեան առջեւ:
Մատենադարանը, 1995-էն ի վեր կը հրատարակէ գիտական հանդէսներ: Անցնող հինգ տարիներուն լոյս կ’ընծայէ երկլեզու հանդէս մը՝ «Etudes Armeniennes Contaimoraines» (անգլերէն եւ ֆրանսերէն): Մատենադարանը կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ, ասուլիսներ, գիտական, մշակութային հանդիպումներ: Մատենադարանը նաեւ ունի ապագայի ծրագիրներ: Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան ծիրին մէջ կ’առաջարկուի արեւմտահայ եւ Սփիւռքի ժառանգութեան նուիրուած Պօղոց Նուպար Փաշայի անունով հետազօտական հիմնարկ մը ստեղծել Փարիզի եւ Երեւանի մէջ:
Եզրակացնելով իր հետաքրքրական դասախօսութիւնը՝ դոկտ. Պորիս Աճեմեան յայտնեց, որ Նուպարեան մատենադարանը լոյսի եզակի հաստատութիւն մըն է սփիւռքեան իրականութեան մէջ: Դասախօսութիւնը աւելի տպաւորիչ դարձնելու նպատակով դոկտ. Պորիս Աճեմեան մեծ պաստառի վրայ նկարներու միջոցով կու տար յաւելեալ բացատրութիւններ:
Համապարփակ եւ ուսանելի դասախօսութեան աւարտին, դոկտ. Պորիս Աճեմեան պատասխանեց յղուած հարցումներուն:
Հետաքրքրական այս երեկոյի աւարտին, ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան երախտագիտութեան յուշանուէրով պարգեւատրեց դոկտ. Պորիս Աճեմեանը՝ անոր մաղթեով նորանոր յաջողութիւններ եւ յարատեւ վերելք:
Ապա պատշաճ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ










