Արցախի ընդդիմադիր Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնը Յունիս 13-ին Ստեփանակերտի մէջ պիտի իրականացնէ հանրահաւաք: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է կուսակցութեան նախագահ, Արցախի խորհրդարանի պատգամաւոր Հայկ Խանումեան:
«Արցախի մէջ քաղաքական ճգնաժամը ստեղծուած է ոչ թէ պետական հիմնարկներու ոչ արդիւնաւէտութեան պատճառով, այլ զանոնք փոխել չցանկալու հետեւանքով: 2017-ին մէկ անձի իշխանութեան վերարտադրութեան համար փոխուած սահմանադրութիւնը ատոր վառ վկայութիւնն էր: Քաղաքական ճգնաժամերու հիմքը ատոր մէջ պէտք է փնտռել:
«Յունիս 11-ին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ 10 տարի երկիրը նախագահելէ ետք 2017-ին Ազգային ժողովին կողմէ մինչեւ 2020 թուականը ընտրուած է անցումային շրջանի նախագահ, յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր առաջադրուելու 2020-ի նախագահական ընտրութիւններուն:
«Յունիս 13-ին մենք պիտի ներկայացնենք մեր մօտեցումները այս բոլոր հարցերուն շուրջ: Կը հրաւիրենք բոլոր լրատուամիջոցները լուսաբանելու հաւաքը: Եւ այսպէս, Յունիս 13-ին՝ ժամը 17:00-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ես՝ ԱԺ պատգամաւոր Հայկ Խանումեանս, Ազգային վերածնունդ կուսակցութիւնը եւ շարք մը նախաձեռնող խումբեր կը կազմակերպենք հաւաք: Հաւաքի ընթացքին պիտի ներկայացնենք այս օրերուն քաղաքական ճգնաժամի մասին մեր խորհրդակցութիւններու ամփոփումը եւ ճգնաժամի լուծման մեր տեսլականը»,- գրած է Խանումեան: