Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Ազրպէյճան Ցուցադրած Է Իր Գնած Պելառուսական «Փոլոնեզ»-ները

Ազրպէյճանի հրթիռային զօրքերու նորաբաց զօրամասին մէջ, ուր այցելած է նախագահ Իլհամ Ալիեւ, ցուցադրուած են «Փոլոնեզ» համազարկային կրակի հակազդեցիկ հրթիռային համակարգերը եւ Իսրայէլի արտադրութեան LORA մարտավարական հրթիռային համալիրները` կոշտ վառելիքով գործող ձգաբանական հրթիռով, որոնք կ’երեւին զօրամասի բացման լուսանկարներուն մէջ։

Լուսանկարներուն մէջ կ’երեւի, թէ ի՛նչպէս Ալիեւ այդ երկրի ՊՆ ղեկավար Զաքիր Հասանովի ուղեկցութեամբ կ’անցնի «Փոլոնեզ»-ներու մօտէն: Մէկ այլ լուսանկարի մէջ կ’երեւին իսրայէլեան համալիրները:

Աւելի առաջ յայտնի դարձաւ, որ 2018-ին Պելառուսիան մտադիր է կատարել «Փոլոնեզ» համազարկային կրակի հակազդեցիկ համակարգերու արտահանման առաջին պայմանագիրը: Պիտի արտահանուի 10 այդպիսի համակարգ, որոնց հաւանական պատուիրատուն Ազրպէյճանն է: Այդ մասին կը գրէ ռուսական «Քոմերսանթ»-ը` աւելցնելով, որ այդ պայմանագիրը բացասաբար պիտի ընդունուի Հայաստանի մէջ, սակայն այնտեղ եղած «Իսկանտերներ»-ը պէտք է զսպող դերակատարութիւն ունենան: «Քոմերսանթ»-ի ռազմական դիւանագիտական աղբիւրը կը կարծէ, թէ պատրաստուող պայմանագիրը կրնայ դիտարկուիլ որպէս «Ազրպէյճանի ուշացած պատասխանը Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին «Իսկանտերներ»-ու մատակարարման:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին