Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

Սրբոց Նահատակաց Հայկական Եկեղեցին Եւ Յուշահամալիրը Վերանորոգելու Որոշում Տրուած Է

«Դեկտեմբեր 2016-ին Հալէպի ազատագրումը անկիւնադարձային եղաւ սուրիահայերուն համար: Ներկայիս Հալէպը շատ աւելի կայուն վիճակի մէջ է: Կային կենցաղային դժուար պայմաններ, որոնք այսօր արդէն տարբեր միջոցներով յաղթահարուած են, ճամբաները օրըստօրէ կը բացուին, լուծուած է ջրամատակարարման ու վառելանիւթի խնդիրը, քիչ տատանումներով վերականգնուած է ելեկտրականութիւնը»,- «Հայերն այսօր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Սուրիոյ խորհրդարանի հայ անդամ, երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեանը` աւելցնելով, որ սուրիահայերը բնականոն ձեւով կ’ապրին, զբաղած են իրենց առօրեայ  աշխատանքներով եւ տուները վերանորոգելով:

Ան նշած է նաեւ, որ ազգային հաստատութիւնները, եկեղեցիները, ակումբներն ու դպրոցները ամէնէն ծանր օրերուն անգամ չեն դադրեցուցած ազգապահպան գործունէութիւնը: Զգալի վնասներ կրած Քարէն Եփփէ ազգային ճեմարանի երկու շէնքերէն մէկը այս տարեշրջանին վերանորոգուած է, յաջորդին  շինարարական աշխատանքներ պիտի կատարուին Հալէպի հայ ազգային պատսպարանի, Սուրիոյ օգնութեան խաչի հիւանդանոցին եւ շարք մը ազգային կառոյցներու վերականգման ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին