Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Ն․Ս․ Մար Աֆրամ Բ․ Պատրիարքը Այցելեց Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին

Երեքշաբթի, 12 Յունիս 2018-ի առաւօտեան, Պիքֆայայի Ս․ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Մար Աֆրամ Բ․ Պատրիարքին։

Երկու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը առիթ մըն էր ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ ներկայ կացութեան եւ երկու եկեղեցիներու գործակցութեան։

Հանդիպումի ընթացքին նաեւ քննարկուեցան յառաջիկայ Շաբաթ ղպտի եկեղեցւոյ պատրիարքին, ասորի եկեղեցւոյ պատրիարքին եւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումի օրակարգի հարցերը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին