Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ռուսաստան Կատարելիք Այցի Ծիրէն Ներս Իլհամ Ալիեւի Հետ Հանդիպում Չէ Նախատեսուած

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Ռուսաստան կատարելիք այցի ծիրէն ներս Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում նախատեսուած չէ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արմէն Եղոյեանը։

«Օրակարգէն կրնամ ըսել, որ նախատեսուած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ պիտի ըլլայ ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բացման արարողութեան: Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում նախատեսուած չէ»,- ըսաւ Արմէն Եղոյեանը:

Յայտնի դարձած է, որ Մոսկուայի մէջ ֆութպոլի աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան բացման արարողութեան առաջին անգամ միաժամանակ կը մասնակցին Հայաստանի նոր վարչապետը եւ Ազրպէյճանի նախագահը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին