Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

«Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիր Ճանչցուած է Ռոհինճա Ժողովուրդի Առաջնորդ եւ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Չօ Լա Աունը

Յունիս 10-ի վաղ առաւօտեան, ամենամեայ «Աւրորա» մրցանակի երրորդ դափնեկիր ճանչցուած է իրաւաբան եւ աքթիւիստ Չօ Լա Աունը՝ մեծարանքի արժանանալով այն նուիրումին համար, որմով ան, հակառակ բոլոր բռնաճնշումներուն, հետապնդումներուն եւ հալածանքներուն, պայքարած է միանմացի ռոհինճա ժողովուրդին հաւասարութեան, կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար։

Անոր անունը՝ իբրեւ դափնեկիր, յայտարարուած է Հայաստանի մէջ՝ արեւածագին, Արարատ լերան ստուերին տակ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին:

«Աւրորա» մրցանակը կը շնորհէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով` իբրեւ երախտագիտութիւն զիրենք փրկողներուն։ Չօ Լա Աունը «Աւրորայ» մրցանակի 2018-ի դափնեկիր ընտրուած է 115 երկրէ առաջադրուած 750 թեկնածութիւններու ցանկէն։

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Վարդան Գրեգորեան՝ Չօ Լա Աունի մասին դրուատանքի իր խօսքին մէջ ըսած է. «Յիշելով, թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնի տեղահանութեան ճանապարհներուն հայերը եւ յատկապէս կանայք ու երեխաները ինչպիսի սարսափներու եւ վայրագութիւններու ենթարկուած են, մենք մեծագոյն պատասխանատւութեամբ այժմ ոտքի կանգնած ենք՝ աջակցելու Չօ Լա Աունի մարդապաշտպան գործին, որ օր մը պիտի յանգեցնէ այն բանին, որ գործի դրուին պետական եւ միջազգային օրէնքներ՝ կոչուած պաշտպանելու մարդոց խոցելի խումբերը։ Սեփական կեանքի համար մեծագոյն սպառնալիքի պայմաններու տակ՝ Չօ Լա Աունը կ՝ընէ վիթխարի աշխատանք՝ օրինակ դառնալով այն հեռահար ազդեցութեան, որ կրնայ ունենալ մէկ անհատը՝ սկիզբ դնելով մեծ շարժման եւ օգնելով մարդոց վերափոխելու իրենց կեանքը»։

Իբրեւ «Աւրորա» մրցանակի 2018 թ. դափնեկիր՝ Չօ Լա Աունը պիտի ստանաայ 100,000 ԱՄՆ տոլարի պարգեւ, ինչպէս նաեւ նուիրատւութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ մրցանակի 1,000,000 ԱՄՆ տոլարի մրցանակը իր ընտրութեամբ նուիրաբերելով հետեւեալ երեք միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք Միանմայի մէջ բժշկական օգնութիւն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրեն փախստականներուն.

– «Բժիշկներ առանց սահմաններու», Լոնտոն (Medecins Sans Frontieres)
– MERCY Մալայզիական բժշկական նպաստամատոյց, Մալայզիա (Malaysian Medical Relief – MERCY Malaysia)
– Գաղթականութեան միջազգային կաթոլիկ յանձնաժողով, Զուիցերիա, ԱՄՆ (ICMC – International Catholic Migration Commission

Չօ Լա Աունը տասնամեակներ շարունակ մեծ նուիրումով գործած է՝ իրաւապաշտպանի իր հմտութիւնները ի սպաս դնելով քաղաքացիութենէն զրկուած ռոհինճա ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքներուն համար մղած պայքարին։ Անոր նուիրումը Միանմայի կառավարութեան կողմէ հետապնդուող հարիւր հազարաւոր իսլամ փախստականներու եւ կրթութենէ զրկուած երեխաներու իրաւունքներու եւ արդարութեան պայքարին զօրեղ է, քան երբեւէ։ Ստանձնած առաքելութեան հետեւանքով, կեանքի 12 տարին ան անցուցած է բանտարկութեան մէջ՝ որ ծանրագոյն զրկանքներու ենթարկած է անոր սեփական ընտանիքը։

«Աւրորա» մրցանակի 2018թ. դափնեկիր հռչակուելուն վերաբերեալ՝ Չօ Լա Աուն ըսած է. «Իմ ժողովուրդը կ՝ենթարկուի դաժան սահմանափակումներու, եւ արդէն կորսնցուցած է իր խիզախութիւնն ու սեփական ուժերուն հանդէպ հաւատը, դարձած անգրագէտ, ուստի եւ՝ ընչազուրկ։ «Աւրորա» մրցանակի աջակցութիւնը կարեւոր ճանաչում կը բերէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու ենթարկուած բոլոր իսլամներուն, եւ ռոհինճա ժողովուրդին թշուառ կացութիւնը օրէ օր աւելի նկատելի կը դառնայ միջազգային հանրութեան»։

Նշենք, որ «Աւրորա» մրցանակի 2018թ. դափնեկիրը պատուելու համար Հայաստան ժամանած են միջազգային մարդասիրական հանրութեան առաջատար ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամներ, որոնց մէջ են Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Շիրին Էպատին, Իռլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսընը, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Կարեթ Էվանսը, Մեքսիքոյի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլէոն, «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Պերնարտ Քուշները, Լոնտոնի կայսերական քոլէճին կից Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու ուսումնարանի տնօրէն Արա Տարզին եւ ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ նախկին մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըրը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին