Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ցոյցերէն Ետք՝ Հրաժարականներ

Պետական Նախարարը՝ Առաջիններու Շարքին

Յունիս 6-ի առաւօտեան լուրեր տարածուեցան, որ Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը հրաժարական տուած է: Լուրը անսպասելի էր: Ակներեւ է, 2007-էն ի վեր Արայիկ Յարութիւնիւնը, նախ իբրեւ վարչապետ, ապա իբրեւ պետական նախարար, բաւական նկատառելի յաջողութիւններ արձանագրած է: Բայց, ամէն պարագայի, որոշումը ընդունուած է: Երեւանէն եղած ճնշումները Արցախի նախագահին կողմէ պարտադրանք չեն եղած: Իր հրաժարականի պատճառներուն շուրջ ծայր առած բամբասանքներուն Արայիկ Յարութիւնեանը տեղեակ է եւ զանոնք կը հերքէ: Կը հերքէ նաեւ, այսպէս ըսած, ուժային թեւի ճնշումներու վարկածը: Հայաստանեան իրադարձութիւններէն ետք Արցախի մէջ փոփոխութիւնները անխուսափելի էին, իրականութիւնը առանց գունազարդման կը ներկայացնէ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ մատնացոյց կ’ընէ, որ հանրութիւնը վերջին շաբաթներուն ընթացքին յստակօրէն դիտել տուած է իրավիճակի բացայայտ փոփոխութիւնը եւ զայն հաշուի առնելու անհրաժեշտութիւնը: «Ղարաբաղի մէջ դարձեալ ծեծկռտուք եղած է, մարդիկ անոր համար փողոց չեն իջած: Ղարաբաղ հեռահաղորդակցութեան սակագինը տարիներ առաջ աւելի բարձր էր: Մենք նման դժգոհութիւն չենք տեսած: Հանրութիւնը նոր օրակարգ կը դնէ»,- հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

        Իշխանութիւնը անոր կը պատրաստուէր՝ բարեփոխումներու մեծ փաթեթով, աւելի մեծ, քան Յունիսի սկիզբէն փողոց դուրս եկած ցուցարարները կը պահանջեն: Նախարարը կը մանրամասնէ, որ անձնակազմի փոփոխութիւններու հարցը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին քննարկուած է՝ նախատեսուող բարեփոխումներու ընդհանուր թղթածրարին մէջ: Իր հրաժարականի հարցն ալ քաղաքական կազմին կողմէ պարբերաբար քննարկումի դրուած է: Ինքը որոշած է, որ ժամանակը հասած է ա՛լ: «Շատ երկար մտորումներէ ետք այդ որոշումը կայացուցած եմ: Կ’ուզեմ վստահեցնել, որ յառաջիկային Արցախը աւելի լաւ յառաջընթաց պիտի ունենայ: Կը պատրաստուիմ իմ ծառայութիւններս մատուցել որպէս քաղաքական ուժի ղեկավար»,- կը մանրամասնէ Արայիկ Յարութիւնեանը եւ կը վստահեցնէ, որ հրաժարական պիտի տան բոլոր այն պաշտօնեաները, որոնք պատրաստ չեն կամ  պիտի չկարենան աշխատիլ նոր իրողութիւններու հաշուարկով: Այս պահուն պետական այլ պաշտօնի չի յաւակնիր Արայիկ Յարութիւնեանը: Ան ընդդիմութեան շարքերը չ’անցնիր, այլ կը շարունակէ պաշտպանել այն ծրագիրը, որուն մշակման մասնակցած է նաեւ ինքը: «Հայրենիք» խմբակցութիւնն ալ, որուն այսօր բաժին կը հասնին Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորական 33 աթոռներէն 15-ն, ամենայն հաւանականութեամբ, խորհրդարանի ղեկավար կազմի փոփոխութեան հարցը պիտի չբարձրացնէ: 2019-ին ՏԻՄ բարեփոխումներուն աշխոյժ մասնակցութիւն պիտի բերէ կուսակցութիւնը, 2020-ին՝ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն. թէ ի՛նչ օրակարգով, պետական նախկին նախարարը չի մանրամասներ՝ ըսելով, որ տակաւին ժամանակ կայ:

Հրաժարականներու Եւ Նոր Նշանակումներու Շարքը

Արցախի պետական նախարարի պաշտօնին նշանակուած է տնտեսագիտութեան թեկնածու 1978-ի ծնունդ Գրգորի Մարտիրոսեանը: Ան արդէն 18 տարիէ կ’աշխատի տնտեսական պլոքին մէջ: 2000-ին աշխատանքի ընդունուած է ՀՀ պետական գնումներու գործակալութիւն, 2005-2007 թուականներուն աշխատած է ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան մէջ՝ որպէս գլխաւոր մասնագէտ: 2007-ին նշանակուած է ԼՂՀ «Պետական գնումներու գործակալութեան» պետի տեղակալ: 2008 թուականին նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարի տեղակալ, 2017-ի Սեպտեմբեր 25-ին՝ Արցախի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարար:

        Ֆինանսներու նախարարի ազատուած պաշտօնին նշանակուած է 1979-ի ծնունդ Արթուր Յարութիւնեանը: 1999-ին աւարտած է  Արցախի պետական համալսարանի ընդհանուր տնտեսագիտութեան բաժինը, 2007-ին՝ Արցախի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը: Աշխատանքային գործունէութիւնը իրականացուցած է բացառապէս հարկային ոլորտէն ներս: 1999-ին աշխատանքի անցած է ԼՂՀ հարկային պետական վարչութեան մէջ` զբաղեցնելով տարբեր պաշտօններ: 2009-ին նշանակուած է ԼՂՀ հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ: 2015-ին նշանակուած է ֆինանսներու նախարարի տեղակալ՝ շարունակելով համաձայնեցնել հարկային ոլորտի աշխատանքները:

Հրաժարական տուած Արշաւիր Ղարամեանի փոխարէն Արցախի ԱԱԾ ղեկավար նշանակուած 1978-ի ծնունդ Սամուէլ Շահրամանեանը: 1999-ին աւարտած է Արցախի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը: 1996-1999 թուականներուն ծառայած է պաշտպանութեան բանակի մէջ: 1999-2008 թուականներուն ծառայած է ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ, 2008-2010 թուականներուն՝ ԼՂՀ հարկային պետական ծառայութեան մէջ՝ որպէս ռազմական հետախուզութեան վարչութեան պետ: 2010-2013 թուականներուն եղած է Արցախի գլխաւոր հարկադիր կատարողը: 2014-էն դարձեալ ԱԱԾ-ի մէջ կը ծառայէ:

        Հրաժարական տուած պաշտօնեաներու շարքին է նաեւ Արցախի ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաճանեանը: Վերջինիս փոխարէն այդ պաշտօնին նշանակուած է 1979-ի ծնունդ Իկոր Գրիգորեանը: 2001 թուականին աւարտած է ՀՀ ՆԳՆ ակադեմիան՝ իրաւագիտութիւն մասնագիտութեամբ: 2001 թուականէն կ’աշխատի ԼՂՀ ոստիկանութեան մէջ: 2008-2013 թուականներուն եղած է ԼՂՀ հարկային պետական ծառայութեան ռազմական հետախուզութեան վարչութեան պետը: 2013 թուականէն կ’աշխատի իբրեւ ոստիկանութեան քննչական վարչութեան պետ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին