Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

ՊՊԾ Գունդի Գրաւման Գործով Ամբաստանեալ Արամ Յակոբեանը Գրաւի Դիմաց Ազատ Կ’արձակուի

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Արամ Յակոբեանը գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` դատաւոր Արշակ Վարդանեանը բաւարարեց պաշտպան Տիգրան Եգորեանի միջնորդութիւնը եւ անոր խափանման միջոցով կալանքը փոխարինուեցաւ 500 հազար դրամ գրաւով:

Արամ Յակոբեանը կը մեղադրուի Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի (ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իւրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) 3-րդ մասի,  219-րդ յօդուածի (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելը) 3-րդ մասի  1-ին կէտի, 218-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտ յատկանիշներով:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին