Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Շէնգաւիթի նստավայրին մէջ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման գործով ամբաստանեալ Արամ Յակոբեանը գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` դատաւոր Արշակ Վարդանեանը բաւարարեց պաշտպան Տիգրան Եգորեանի միջնորդութիւնը եւ անոր խափանման միջոցով կալանքը փոխարինուեցաւ 500 հազար դրամ գրաւով:
Արամ Յակոբեանը կը մեղադրուի Քրէական օրէնսգիրքի 235-րդ յօդուածի (ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր ձեռք բերելը, իւրացնելը, պահելը, փոխադրելը կամ կրելը) 3-րդ մասի, 219-րդ յօդուածի (շէնքեր, շինութիւններ, փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան կամ կապի միջոցներ զաւթելը) 3-րդ մասի 1-ին կէտի, 218-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտ յատկանիշներով:






