Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Պաշտօնական Աթէնքը Զայրացած Է Թուրքիոյ Փոխվարչապետի Յայտարարութենէն

Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջումի փորձէն եւ Յունաստան փախած ութ թուրք զինուորներու ազատ արձակումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ ծայր առած է դիւանագիտական գայթակղութիւն:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Diken»-ը, Թուրքիոյ կառավարութեան խօսնակ ու փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղը թուրք զինուորներուն ազատ արձակումէն ետք յայտարարած է. «Ինչ կ’ուզեն, թող ընեն: Յեղաշրջումի փորձին մասնակցած այդ կիւլենական զինուորներուն գտնելն ու զանոնք Թուրքիա վերադարձնելը մեր պարտքն է: Ուր ալ որ երթան, պիտի հետապնդենք ու ի վերջոյ բռնենք զանոնք»:

Թուրքիոյ կառավարութեան ներկայացուցիչի այս խօսքերուն խիստ պատասխան տուած է պաշտօնական Աթէնքը: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոձիասը յայտարարած է, որ իրենք չեն հանդուրժեր թրքական կողմի նման պահուածքը: «Թուրքիան շատ լաւ գիտէ, որ Յունաստանը այն երկիրը չէ, որուն հետ նման խաղեր կրնայ խաղալ: Թուրքիան չի կրնար Յունաստան գալ ոեւէ մէկը այստեղէն տանելու համար. ո՛չ երկիրը նման իրաւունք ունի, ո՛չ ալ մենք նման բան թոյլ կու տանք»,- ըսած է ան:

Իսկ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամենոսը Պոզտաղի խօսքը որակած է որպէս «ՆԱԹՕ-ի գործընկեր երկրի մը կողմէ միւս երկրին մէջ ռազմական անօրինական գործողութիւն սկսելու յայտարարութիւն»: Ան տեղեկացուցած է, որ թրքական կողմի այդ յայտարարութիւններուն առնչութեամբ քայլերու կը ձեռնարկէ Եւրամիութեան ու ՆԱԹՕ-ի մէջ:          

Նշենք, որ թուրք ութ զինծառայողները ուղղաթիռով Յունաստան փախած էին 2016 թուականի Յուլիս 16-ին Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի անյաջող փորձէն ետք: Թէեւ դատարանը հրաժարեցաւ զանոնք Անգարային յանձնելէ այն բանի պատճառով, որ Թուրքիան չէր կրնար արդար դատաքննութիւն ապահովել, բայց զինծառայողները կալանքի տակ կը գտնուէին: Այս ամբողջ ընթացքին թրքական կողմը կը ձգտէր հասնիլ անոնց արտայանձնման՝ Յունաստանը մեղադրելով խռովարարները հովանաւորելու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին