Պոլսոյ ոստիկանութիւնը աւարտած է Գատըգիւղի շրջանը գտնուող հայկական Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին հետաքննութիւնը:
«Պոլսոյ դատախազութիւնը կը պահանջէ Սերտար Քապանը դատապարտել չորս ամիսէն մինչեւ մէկ տարի չորս ամիս ժամանակով բանտարկութեան` առաջնորդուելով «պաշտամունքի վայրերուն վնաս հասցնելու» մասին յօդուածով», այս մասին կը հաղորդէ «ՌՈՒՍԱՐՄԻՆՖՕ»-ն` վկայակոչելով թրքական աղբիւրը:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ամբաստանեալը կը տառապի հոգեկան հիւանդութենէ եւ յանցագործութեան կատարման պահուն գտնուած է հոգեկան խանգարման վիճակի մէջ:
Սերտար Քապան 29 Ապրիլին Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի պաստառը կախած էր հայկական եկեղեցւոյ դիմաց, իսկ յաջորդ օրը երբ նկարը վերցուցած էին, եկեղեցւոյ մուտքին մօտ աղբ լեցուցած էր: Բացի ատկէ, եկեղեցւոյ պատին վրայ գրած էր. «Էրզրում. այս հայրենիքը մերն է»:






