Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Պաթումի Մէջ Նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակը

Յունիս 3-ին Վիրահայոց թեմի Պաթումի Ալեքսանդր Մանթաշեանց կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ միաժամանակ նշուեցաւ երեք տօն՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Ելն ի Վիրապ»-ը, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenianchurch.ge»-ը։

Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Արարատ քահանայ Գումբալեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ պատարագիչ քահանան յաւուր պատշաճի քարոզեց Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ տօնացոյցի կարեւոր օրերուն մասին՝ անդրադառնալով անոնց պատմութեան:
Տօնական հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Ալեքսանդր Մանթաշեանց կեդրոնին մէջ: Բանալով հանդիսութիւնը՝ կեդրոնի տնօրէն Սոնա Յովհաննիսեան ներկաները շնորհաւորեց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ բեկումնային Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ազատամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով ու  բեմահարթակը տրամադրեց կեդրոնի ստեղծագործական խումբերու սաներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն:

Իրար յաջորդեցին «Աղբիւր» երգչախումբի, «Հեղնար» պարախումբի եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» վարժարանի սաներուն ներկայացուցած հայրենասիրական, ազգագրական ուրախ երգն ու պարը՝ ստեղծելով տօնական տրամադրութիւն: Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Պաթումի ժողովրդական թատրոնի անդամներուն կողմէ ներկայացուած Սարդարապատի ազատամարտէն դրուագի մը բեմադրութիւնը:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Պաթումի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» նախակրթարանի սաներուն ներկայացուցած հայրենասիրական յաղթական ելոյթով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին