Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ձեռնադրութեան 50-ամեակ

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Զարթօնք» – Շաբաթ 9 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի աբեղայական ձեռնադրութեան յիսնամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ: Այդ առթիւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, Յարութ Ֆազլեանի խմբավարութեամբ, եւ սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ելոյթ ունեցան նահատակաց յուշարձանին դիմաց:

Նշենք, որ նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 5:30-ին ազգային բարերար Տէր եւ Տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու ամուսնութեան յիսնամեակը (Ոսկեայ Յոբելեանը) եկեղեցական յատուկ արարողութեամբ նշուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին  վանքին մէջ:  Կրօնական արարողութենէն ետք հիւրերը ներկայ գտնուեցան այս առիթով կազմակերպուած յատուկ ընդունելութեան մը Պիքֆայյայի դպրեվանքի սրահին մէջ:  

Զոյգ առիթներով Կիրակի, Յունիս 10-ին՝ կէսօրուան ժամը 1-ին, կալա-ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ:

Մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք մեր վաղուայ թիւով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին